Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, թէ վերջին 24 ժամերուն 3 մահ եւ 923 վարակումի պարագայ արձանագրուած է «Քորոնա»-ի համավարակին պատճառով:
Այս գծով առողջապահական պատկան պատասխանատուներ զգուշացուցին «Տելթա» համավարակի Լիբանան ժամանումէն, յատկապէս` օդակայանին ճամբով, եւ առաջարկեցին խստացնել նախազգուշական միջոցառումներու կիրարկումը:
Նոյն ծիրին մէջ, Պէյրութի օդակայանին թէ Լիբանանի զանազան ճաշարաններուն մէջ այսուհետեւ պիտի պահանջուի կրկնակի պատուաստումի պաշտօնական հաստատագիր, կամ` «Փի.Սի.Ար.»-ի քննութեան բացասական արդիւնքի հաստատագիր, իւրաքանչիւր 72 ժամուան հերթականութեամբ: Այս քայլը ի զօրու է նաեւ նշեալ վայրերու պաշտօնէութեան անձնակազմին եւ աշխատաւորներուն համար: