Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Տագնապները Ամէն Իմաստով Կը Յամենան, Նոր Վարչապետի Նշանակման Պարտադիր Խորհրդակցութիւնները Կը Կատարուին Այսօր

Յուլիս 26, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախկին Վարչապետները Կը Զօրակցին
Նեժիպ Միքաթիի Թեկնածութեան

Երկիրը յուզող բարդ տագնապները կը յամենան: Լիբանանցիին տառապանքը կը շարունակուի, եւ օրական դրութեամբ կը շեշտուին զգուշացումները` մազութի եւ պենզինի չգոյութեան, հացի տագնապի, ըմպելի ջուրի տագնապի եւ վատագոյնը` դեղորայքի տագնապի իմաստով:

Այս բոլորին կողքին, երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու միջոցներուն առումով յստակ անտեսում եւ թոյլ վերաբերում կը ցուցաբերուի, ինչ որ պատճառ կը դառնայ, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը աճ արձանագրէ:

Այս բոլորին կողքին, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00 պիտի կատարէ նոր վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները, որոնց իբրեւ արդիւնք երկիրը կրնայ ունենալ վարչապետ մը, սակայն ոչ անպայման նոր կառավարութիւն մը:

Այսօրուան խորհրդակցութիւններուն կապուած հիմնական հաւանականութիւնն է Նեժիպ Միքաթիի վարչապետ նշանակումը:

Այսօրուան պարտադիր խորհրդակցութիւններուն շրջագիծին մէջ, երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց նախկին վարչապետներ Նեժիպ Միքաթին, Ֆուատ Սինիորան եւ Թամմամ Սալամը:

Քննարկուեցան նոր վարչապետի նշանակման մանրամասնութիւնները, որոնց լոյսին տակ նախկին վարչապետները համաձայնութիւն գոյացուցին Նեժիպ Միքաթիի թեկնածութեան շուրջ:

Անոնք մաղթեցին, որ կազմուի Լիբանանը փրկելու կարողութիւն ունեցող կառավարութիւն մը` հիմնուելով Ազգային ուխտին եւ սահմանադրութեան վրայ, եւ հեռու մնալով հերետիկոսութիւններէն:

Նախկին վարչապետները հաստատեցին, որ լիբանանցիները բոլորէն դրական նախաձեռնութիւններ կ՛ակնկալեն, որպէսզի կարելի ըլլայ կառավարութեան կազմութեան առումով ամբողջացնել ֆրանսական եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութիւնները:

Անոնք կոչ ուղղեցին կազմելու ոչ կուսակցական մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւն մը, որ արժանի ըլլայ լիբանանցիներուն, ինչպէս նաեւ արաբական եւ միջազգային ընտանիքներուն վստահութեան:

Կարգ մը քաղաքական ուժեր եւ կուսակցութիւններ յայտարարեցին իրենց պաշտօնական կեցուածքը այսօրուան երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն առնչութեամբ, ինչպէս` Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը, որ հաստատեց, որ պիտի զօրակցի Միքաթիի թեկնածութեան, իսկ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը յայտարարած էր, թէ վարչապետի իր թեկնածուն պիտի ըլլայ Նաուաֆ Սալամը:

Քաղաքական կարգ մը անձնաւորութիւններ, ինչպէս` երեսփոխան Ժիհատ Սամատ, հաւանական նկատեցին Նեժիպ Միքաթիի նշանակումը, իր կարգին` Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ նշեց, որ ինք կը յանձնարարէ, որ Միքաթի առանց կանխատրամադրուածութեան գործակցի երեսփոխանական բոլոր պլոքներուն հետ:

Քաղաքական վերլուծաբան Սալեմ Զահրան մէկ քայլ աւելի առաջ անցնելով` հաստատեց, որ Միքաթի 69 քուէով վարչապետ պիտի նշանակուի` ընդգծելով, որ Միքաթի արդէն իսկ երեսփոխանական բոլոր պլոքներուն հետ կապ հաստատած է:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը այս իմաստով երէկուան իր քարոզին մէջ կոչ ուղղեց դիւրացնելու կառավարութեան կազմութիւնը` առանց կրկնելու նախապայմաններու խաղը:

Միւս կողմէ, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռեմոն Ղաժար եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն Ապպաս Իպրահիմ շաբաթավերջին ուղղուեցան Իրաք, ուր անոնք համաձայնութիւն մը ստորագրեցին Իրաքի կառավարութեան հետ` Լիբանանին մէկ միլիոն թոն նաւթ տրամադրելու առումով:

Ղաժար յայտնեց, որ առանց Ապպաս Իպրահիմի ջանքերուն այս համաձայնութիւնը անկարելի պիտի ըլլար գոյացնել` աւելցնելով, որ իրաքեան նաւթին շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ լիբանանցիներուն չորս ամսուան ելեկտրականութիւն տրամադրել:

Իր կարգին, Ապպաս Իպրահիմ նախատեսեց, որ իրաքեան նաւթը մէկ կամ երկու շաբաթէն Լիբանան հասնի:

Նախորդը

Լիզպոնի Գործողութեան 38-Ամեակի Ոգեկոչում Եւ Հոգեհանգստեան Արարողութիւն

Յաջորդը

Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան. «Ազրպէյճանական Զինուած Ուժերը Հրահրած Են Հրաձգութիւն»

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?