Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այն Թինէի Մէջ. «Երկխօսութիւնը Կը Մնայ Լաւագոյն Միջոցը` Լիբանանին Վայել Ճշգրիտ Ապագան Կերտելու» Շեշտեց Վ. Օհանեան-Գէորգեան

July 20, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Վ. Օհանեան-Գէորգեան Այն Թինէէն կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Հակառակ այն իրողութեան, որ այսօր քաղաքական ուժերուն միջեւ երկխօսութեան հորիզոնները գրեթէ գոյութիւն չունին, հաւատացած ենք եւ կը հաւատանք, որ երկխօսութիւնը, հանդուրժողականութիւնն ու ուրիշին հետ նոյն սեղանին վրայ նստիլը կը մնայ լաւագոյն միջոցը Լիբանանի վայել ճշգրիտ ապագան կերտելու համար: Խորհրդարանի նախագահը միշտ եղած է երկխօսութեան հրաւիրող եւ զայն ղեկավարող ռահվիրայ մը, որ երկխօսութիւնը նկատած է ամէնէն յաջող միջոցը:

Այս դիտանկիւնէն մեկնելով եւ իբրեւ խորհրդարանի նախագահ ու ազգային հեղինակութիւն` Պըրրիին առաջարկեցի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան փափաքը` կազմելու  երիտասարդներու խորհրդարանի հարթակ մը, ուր քաղաքական տարբեր ուժերէն եւ քաղաքացիական ընկերութենէն երիտասարդներ ժողովրդավարական կանոններով երկխօսութիւն կատարեն` երկիրը յուզող կարեւոր հարցերուն վերաբերեալ:

Խորհրդարանի նախագահը ողջունեց գաղափարը եւ ընդառաջեց անոր` հաստատելով, որ երկխօսութեան այդ հարթակը պատրաստելու, մշակելու եւ գործադրելու թուականը աւելի ուշ պիտի ճշդուի:

Հանդիպումին ընթացքին խորհրդարանի նախագահին ներկայացուցի նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կացութիւնը եւ անոր խիստ կարիքները` Լիբանանի արտաքին պարտաւորութիւններուն եւ յանձնառութիւններուն ընդառաջելու իմաստով: Խորհրդարանի նախագահը հասկացողութիւն ցուցաբերեց եւ անմիջական լուծումներ տրամադրեց:

Հանդիպումին ընթացքին իրազեկ դարձայ խորհրդարանի նախագահին կեցուածքներուն` Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր կացութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանին սպառնացող հսկայ վտանգին մասին»:

 

Նախորդը

Տարուան Առաջին Կիսուն Սպառողական Ապրանքներու Սակերը 46,10 Առ Հարիւրի Աճ Արձանագրեցին

Յաջորդը

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդի Եւ Դեղորայքի Տագնապի Լուծման Նիստեր` Պաապտայի Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.