Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաքրուա. «ՄԱԿ Մնայուն Կերպով Կը Զօրակցի Լիբանանին, Իսկ ՖԻՆԻՒԼ-ի Աշխատանքը Պիտի Շարունակուի` Թիւ 1701 Բանաձեւի Գործադրութեան Շրջագիծին Մէջ»

July 28, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի խաղաղապահութեան հարցերով տեղակալ Ժան Փիեռ Լաքրուան` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքայի եւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան կը փափաքի, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն գործունէութիւնը երկարաձգուի` պաշտպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Նախագահ Աուն գոհունակութիւն յայտնեց, որ 30 յունիսին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը իր որդեգրած տարեկան պիւտճէին մէջ նկատի ունեցած է ՖԻՆԻՒԼ-ի պիւտճէն:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ հակառակ շրջանին մէջ արձանագրուած լարուածութիւններուն, հարաւային Լիբանանի սահմանները 2006-էն ի վեր կայուն վիճակի մէջ կը գտնուին:

Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջեւ գործակցութիւնը` վերահաստատելով իր դատապարտումը Լիբանանի դէմ գործուած իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն, յատկապէս վերջին ոտնձգութեան, որուն շրջագիծին մէջ իսրայէլեան օդուժը լիբանանեան օդային տարածքը օգտագործելով ռմբակոծած էր սուրիական հողերը:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն գործունէութիւնը յաջող նկատուող խաղաղապահ առաքելութիւններէն կը նկատուի:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան եւ կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ին պարտադրելու Իսրայէլին` իր կարգին գործադրելու այդ բանաձեւը:

Հանդիպումին ընթացքին Լաքրուա նախագահ Աունի փոխանցեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի ողջոյնները` հաստատելով, որ ՄԱԿ մնայուն կերպով կը զօրակցի Լիբանանին, իսկ ՖԻՆԻՒԼ-ի աշխատանքը պիտի շարունակուի` թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան շրջագիծին մէջ:

Լաքրուա բարձր գնահատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութիւնը:

Պըրրիի Մօտ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին ընդունեց Լաքրուան եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:

Քննարկուեցան ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն աշխատանքը շարունակելու եւ հարաւային Լիբանանի կայունութիւնը պաշտպանելու կարեւորութիւնը:

Տիապ Ընդունեց Լաքրուան

Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ ընդունեց Լաքրուան, Վրոնեցքան եւ Տել Քոլը:

Քննարկուեցան ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու վերաբերող հարցեր:

Տիապ շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը յանձնառու կը մնայ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան, մինչդեռ Իսրայէլ կը շարունակէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ իր ոտնձգութիւնները:

Լաքրուա Այցելեց Աքըրի

Փոխվարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար, արտաքին գործոց նախարարի գործակատար Զէյնա Աքըր երէկ ընդունեց Լաքրուան եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու հարցերը:

Աքըր հաստատեց լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս` թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան առումով: Ան ընդգծեց նաեւ, որ թշնամի Իսրայէլը պէտք է յանձնառու մնայ այդ բանաձեւին գործադրութեան:

Աքըր խստիւ դատապարտեց իսրայէլեան ուժերուն կողմէ Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ ամէնօրեայ դրութեամբ գործուող օդային, ծովային եւ ցամաքային ոտնձգութիւնները, յատկապէս վերջին բռնարարքները, որոնք թիրախ դարձուցած էին սահմանամերձ լիբանանեան գիւղաքաղաքներ:

Լաքրուա ընդգծեց, որ իսրայէլեան ուժերը պիտի մղէ թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան:

Լաքրուա այցելեց նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմին, որուն հետ քննարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ Ընդհանուր Ապահովութեան կառոյցին միջեւ գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանին մէջ տիրող իրավիճակը:

 

Նախորդը

Հարիրի Առաջարկեց Հանրապետութեան Նախագահին, Վարչապետին, Նախարարներուն Եւ Երեսփոխաններուն Անձեռնմխելիութիւն Շնորհող Սահմանադրական Կէտերը Առկախել

Յաջորդը

«Հայ Համայնքը Մաս Պիտի Կազմէ Կառավարութեան» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ  Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ

January 9, 2026
Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.