ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1147 վարակուածներ եւ մահացած 3 ուրիշներ:
ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը հաստատեց, որ իրենք կը քաջալերեն 4 օգոստոսի պայթումի զոհերուն հարազատները եւ անոնց հետ կը պահանջեն կազմել միջազգային հետաքննութեան մարմին մը, եթէ Լիբանանի դատական իշխանութիւնները նաւահանգիստի պայթումին գծով արդարութիւն չկարենան հաստատել:
ՊԱԱԼՊԵՔ-ՀԵՐՄԵԼ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան հաստատեց, որ իրենք յանձնառու կը մնան կառավարութեան կազմութեան, որովհետեւ կացութիւնը դարձած է անհանդուրժելի:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր ընդգծեց, որ ինք կը վախնայ, թէ Լիբանանի երկրորդ հանրապետութիւնը կորսնցնելու սեմին կը գտնուինք:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան շեշտեց, որ այսօր` երկուշաբթի, 2 օգոստոս 2021-ին, անկիւնադարձային պիտի ըլլայ` ընտրանքներն ու ուղղուածութիւնները ճշդելու իմաստով:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ 4 օգոստոսը պիտի ըլլայ հին եւ նոր Լիբանանի միջեւ բաժնող թուականը` ընդգծելով, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատասխանատուները պիտի պատժուին:
 
			

