Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յուլիս 29, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1224 վարակուածներ եւ մահացած 2 ուրիշներ:

ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ խորհուրդը երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ 4 օգոստոսը կը հռչակուի ազգային սուգի օր, որուն ընթացքին պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները կը փակուին: Պետական հաստատութիւններուն եւ քաղաքապետարաններուն վերեւ լիբանանեան դրօշները կիսակայմ կը բարձրանան, իսկ ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի կայաններուն յայտագիրները կը պատշաճեցուին` սուգի այս առիթին` առ ի զօրակցութիւն Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած զոհերուն ընտանիքներուն եւ վիրաւորներուն:

ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց վարչապետ Միքաթիին արագ քայլերու դիմելու` կազմելու համար կառավարութիւնը, ինչպէս նաեւ շարունակելու համար բարեկարգումներու գործադրութիւնը:

ՄԻՋԻՆ Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի հարցերով Բրիտանիոյ պետական նախարար Ճէյմս Քլիվըրլի յայտնեց, որ լիբանանցի ժողովուրդը երկար ատենէ ի վեր կարիք ունի բարեկարգումներու գործադրութեան: «Կարելի չէ ընդունիլ, որ լիբանանցի ղեկավարները յաւելեալ ժամանակ կորսնցնեն այս իմաստով», ըսաւ ան: Քլիվըրլի յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը պատրաստ է օժանդակելու, սակայն Լիբանանի ղեկավարները պէտք է անմիջական քայլերու դիմեն այս իմաստով:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն իր մօտիկ շրջանակներուն յայտնած է, թէ ինք վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին պիտի չտայ այն, ինչ որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիին չէ տուած: Միւս կողմէ, Միքաթի հաստատեց, որ նախկին վարչապետներուն կողմէ իրեն շնորհուած համաձայնութիւնը ճշդած է, թէ Սաատ Հարիրիի պայմաններէն կարելի չէ զիջիլ:

 

 

 

Նախորդը

Լիզպոնի 5 Հերոսներու Գործողութեան 38-Ամեակը` Այնճարի Մէջ

Յաջորդը

Հաուաթ. «Չենք Մտածեր Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Մարզին Վերաբերող Սակերը Բարձրացնելու Մասին»

RelatedPosts

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»
Լիբանանեան

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը  Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»
Լիբանանեան

Ժապեր. «Պատերազմին Գինը Անցաւ 11 Միլիառ Տոլարը»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?