Պաապտայի Մէջ. «Լռութիւնը Կը Մնայ Աւելի Խօսուն, Իսկ Կառավարութեան Կազմութեան Ջանքերը Իրենց Աւարտին Կը Մօտենան» Շեշտեց Նեժիպ Միքաթի
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած ապահովական զարգացումները, ինչպէս նաեւ շարունակեց կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները: Շուրջ կէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Միքաթի շեշտեց, որ դէպքերը արագութեամբ կը յառաջանան` աւելցնելով, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է նախորդ 24 ժամուան ընթացքին հարաւային Լիբանանի մէջ տիրած...




















