Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զոհ Մը, Յիսուն Վիրաւորներ Եւ Հսկայական Կորուստ. Հիւսիսային Լիբանանի Զանազան Շրջաններ` Բոցերու Մէջ

Յուլիս 30, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` հինգշաբթի 29 յուլիսին, երկրորդ օրն ըլլալով հիւսիսային Լիբանանի զանազան շրջաններ շարունակեցին բոցավառիլ հրդեհներու ճիրաններուն մէջ:

Յատկապէս` Քպայյաթի, Պուսթանի, Ռուէյմիի, Հերմելի եւ այլ շրջաններու  բակիչներ ահ ու սարսափի պահեր ապրեցան վերջին 48 ժամերուն, այդ շրջաններուն մէջ ծագած անակնկալ հրդեհներուն պատճառով:

Հրդեհները, որոնք ըստ շրջանի կարգ մը պատասխանատուներուն` կանխամտածուած ու դիտաւորեալ էին, պատճառեցին աւելի քան յիսուն վիրաւոր, շնչահեղձութեամբ արգելափակելով շրջանին մէջ երթեւեկող զանազան ինքնաշարժներ իրենց ճամբորդներով: Հրդեհները նաեւ պատճառեցին 15-ամեայ զոհ մը` Ամին Մըլհեմ, որ փութացած էր ընտանիքը փրկելու, սակայն բոցերու հեղձուցիչ մթնոլորտին չդիմանալով շնչահեղձ եղած ու մահացած է: Նիւթական հսկայական կորուստներ պատճառած հրդեհները աւերած են 17 աւաններ` իրենց բնակարաններէն տարհանելով հարիւրաւոր բնակիչներ:

Շրջանի քաղաքապետներ թախանձագին կոչ ուղղեցին շտապ օգնութեան` լիբանանեան թէ արտաքին կողմերէ: Այս գծով Փրկարար աշխատանքներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր անմիջական կապեր հաստատեց ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմիի եւ այլ պատկան պատասխանատուներու հետ` պահանջելով անհրաժեշտ անմիջական լուծումներ գտնել աղէտի հետեւանքներու հարթումին համար: Քպայյաթի քաղաքապետ Ապտօ Ապտօ յայտնեց, որ հրդեհը Լիբանանէն անդին կը սպառնայ նաեւ մերձակայ երկիրներու ապահովութեան եւ անիկա հակակշիռէ դուրս է: Ան կոչ ուղղեց դիմելու դրացի երկիրներու օժանդակութեան: Ու իրապէս Լիբանանի օժանդակութեան փութացին հրշէջներու սարքերով եւ ուղղաթիռներով օժտուած մասնագէտներ` Սուրիայէն, Յորդանանէն եւ Կիպրոսէն, որ նոյնպէս կը դիմակալէ նմանօրինակ հրդեհներու սպառնալիք: Արաբական եւ այլ երկիրներ նոյնպէս խոստացած են օգնութեան ձեռք երկարել Լիբանանին:

Իսկ հիւսիսային սահմանային շրջանի սուրիական բաժինին մէջ, որ նոյնպէս հրդեհի մատնուած էր, ռուսական հրշէջ ուղղաթիռներ փորձեցին մարել Լիբանանի հետ սահմանագիծի սուրիական կողմը ծագած բոցերը:

 

Նախորդը

Հայ Օգնութեան Միութիւնը` Լիբանանի Կողքին

Յաջորդը

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Առաջին Տարելիցին Ընդառաջ. Ռոնալտինիօ Եւ Մարզական Խումբեր Կ՛այցելեն Պայթումի Վայրը

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?