Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի Առաջարկեց Հանրապետութեան Նախագահին, Վարչապետին, Նախարարներուն Եւ Երեսփոխաններուն Անձեռնմխելիութիւն Շնորհող Սահմանադրական Կէտերը Առկախել

July 28, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որմէ առաջ ան նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի ընթացիկ նիստին:

Հարիրի յայտնեց, որ այդ մամլոյ ասուլիսը յատկացուած է միայն մէկ հարցի` 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ճշմարտութիւնը բացայայտելու կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ այդ պայթումի նահատակներուն ընտանիքներուն կողմէ պայթումին մանրամասնութիւնները իմանալու իրաւունքը յարգելու:

«Նահատակներուն հարազատները իրաւունք ունին իմանալու, թէ ո՛վ արտօնեց ամոնիում նայթրէյթը Լիբանան բերել ու նաւահանգիստին մէջ զետեղել եւ ո՛վ է այդ նիւթը պայթեցնողը: Ես իմ կարգիս նահատակի զաւակ եմ, երեսփոխան Պահիա Հարիրի նահատակի քոյր է, իսկ Մուսթաքպալ հոսանքը արիւն թափած է արդարութեան եւ ճշմարտութեան ճամբուն վրայ: Մենք Մարտ 14-ի նահատակներու պլոք ենք», ըսաւ ան:

Ան հարց տուաւ Լիբանանի դատական իշխանութիւններուն Ռաֆիք Հարիրիի, Պասել Ֆլէյհանի, Ուալիտ Իտոյի եւ անոր զաւկին` Խալետ Իտոյի, Ուիսամ Հասանի, Ուիսամ Իտի եւ Մոհամետ Շաթահի սպանութեան հետաքննութիւններուն մասին: «Կան կողմեր, որոնք պատմութիւնը խեղաթիւրելու մասնագէտներ են եւ անոնք տիւ ու գիշեր կ՛աշխատին հաստատելու համար, որ Մուսթաքպալի երեսփոխանները ճշմարտութենէն ու արդարութենէն հրաժարած են եւ ստորագրած են երեսփոխանական բողոքագիր մը` անձեռնմխելիութիւնները ջնջելու դէմ: Այս բոլորը սուտասանութիւն են», ըսաւ ան:

Հարիրի հաստատեց, որ ինք համաձայն է սահմանադրութեան գործադրութեան, «սակայն նկատի ունենալով, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին թղթածրարը կը մերժուի Միջազգային դատարան փոխանցել, ապա ճշմարտութիւնը բացայայտելու միակ լուծումը կը մնայ հետեւեալ առաջարկը. «Հանրապետութեան նախագահին, վարչապետին, նախարարներուն, երեսփոխաններուն, դատաւորներուն, եւ նոյնիսկ իրաւաբաններուն անձեռնմխելիութիւն շնորհող սահմանադրական կէտերը առկախել»: Ան կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն համաձայնելու այս առաջարկին` աւելցնելով, որ աշխարհի պատմութեան մէջ երրորդ մեծագոյն պայթումը նկատուող այս պայթումին ճշմարտութիւնը բացայայտելու համար պէտք է արտակարգ քայլերու ձեռնարկել:

«Այս հսկայ ոճիրին դիմաց, Պէյրութի քանդումին դիմաց, մենք պէտք է ամէն տեսակի զոհողութիւններ կատարենք եւ բոլորը անձեռնմխելիութենէ զրկենք` հասնելու համար ճշմարտութեան: Ճշմարտութեան դիմաց ոչ ոք վեհ է», հաստատեց ան:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճանցիները Կ՛ոչնչացնեն Շուշիի Շէնքերը` Փորձելով Խեղաթիւրել Քաղաքին Պատմութիւնը

Յաջորդը

Լաքրուա. «ՄԱԿ Մնայուն Կերպով Կը Զօրակցի Լիբանանին, Իսկ ՖԻՆԻՒԼ-ի Աշխատանքը Պիտի Շարունակուի` Թիւ 1701 Բանաձեւի Գործադրութեան Շրջագիծին Մէջ»

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ.  «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ»  Կ՛ըսէ Սալամ
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ. «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ» Կ՛ըսէ Սալամ

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.