Լիբանանեան

Դեսպան Բաղդասարեան Հանդիպում  Ունեցաւ Դեսպան Ասաֆի Հետ

Դեսպան Բաղդասարեան Հանդիպում Ունեցաւ Դեսպան Ասաֆի Հետ

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սարմեն Բաղդասարեան հանդիպում ունեցած է Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերով նախարարութեան քաղաքական եւ հիւպատոսական հարցերու վարչութեան տնօրէն, դեսպան Իպրահիմ Ասաֆի հետ: Հանդիպումը առիթ ընծայած է քննարկելու Հայաստան-Լիբանան երկկողմանի յարաբերութիւնները, դիտարկելու համագործակցութեան հետագայ ամրապնդման ուղիները եւ մտքեր փոխանակելու շրջանին մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներու շուրջ:  

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ԷՄ.ԹԻ.ՎԻ.»-Ի տեղեկութեան համաձայն, Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մոհամետ պըն Ապտելռահման պըն Ժասեմ Ալ Թանի հինգշաբթի օր պիտի ժամանէ Պէյրութ եւ ուրբաթ օր հանդիպումներ պիտի ունենայ շարք մը պաշտօնատարներու հետ: . ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ պաշտօնական աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Ցարդ 20 հոկտեմբերը չէ հաստատուած իբրեւ ամերիկեան միջնորդութեամբ, Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններու 8-րդ փուլի թուական, եւ անիկա փուլ մըն է, որ պէտք էր...

Թրամփ Պաշտօնապէս Ջնջեց Դէպի Պէյրութ  Թռիչքներու Նկատմամբ Հաստատուած Արգելքը

Թրամփ Պաշտօնապէս Ջնջեց Դէպի Պէյրութ Թռիչքներու Նկատմամբ Հաստատուած Արգելքը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ջնջեց տասնամեակներէ ի վեր դէպի Պէյրութ եւ այդտեղէն դէպի Միացեալ Նահանգներ թռիչքներու նկատմամբ հաստատուած արգլեքը: Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպանատունը ողջունեց որոշումը` նշելով, որ անիկա երկու երկիրներու միջեւ ուղղակի թռիչքներու ճամբան կը հարթէ: Աղբիւրներ «Շարք Պլումպըրկ»-ին յայտնեցինե որ թռիչքի առաջին գիծը պիտի ըլլայ Նիւ Եորքի եւ Պէյրութի միջեւ: Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն, հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով,...

«Հըզպալլան Իրանէն  200 Միլիոն Տոլար Չստացաւ»  Կ՛ըսէ Փիկըթ

«Հըզպալլան Իրանէն 200 Միլիոն Տոլար Չստացաւ» Կ՛ըսէ Փիկըթ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամըս Փիկըթ «Ժազիրա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին յայտնեց. «Հըզպալլան Իրանէն 200 միլիոն տոլար չստացաւ, որովհետեւ անոր ֆինանսաւորման աղբիւրները ցամքեցան»: Նշենք, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը ուրբաթ օր յայտարարեց. «Հըզպալլան մեր գաղթական ու տեղահանուած ժողովուրդի պատսպարման օժանդակութիւններու վճարման համար նոր քայլի գործադրութեան մօտ է»: Նախքան այդ, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նաաիմ Քասեմ եւս յայտարարեց պատսպարման մօտալուտ...

«Երիտասարդութեան Ու Մարմնակրթութեան  Նախարարութիւնը Պիտի Շարունակէ Աշխատիլ,  Որ Երիտասարդները Ազգային Կեանքի Մէջ  Իսկական Տեղ Ունենան»  Կ՛ըսէ Պայրագտարեան

«Երիտասարդութեան Ու Մարմնակրթութեան Նախարարութիւնը Պիտի Շարունակէ Աշխատիլ, Որ Երիտասարդները Ազգային Կեանքի Մէջ Իսկական Տեղ Ունենան» Կ՛ըսէ Պայրագտարեան

Արայայի Մաքասետի սկաուտական ճամբարին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Լեպանիզ ռովըր մութ 2026 տը ֆիրսթ» ազգային ճամբարին` հովանաւորութեամբ վարչապետ Նաուաֆ Սալամին: Երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան այս առիթով ներկայացնելով վարչապետ Սալամը, արտասանեց խօսք մը` յայտնելով. «Այս ճամբարը կը ներկայացնէ ազգային տարածք, ուր երիտասարդներու ներուժը կը մէկտեղուի պատկանելութեան, ծառայութեան, կարգապահութեան եւ պատասխանատուութեան արժէքներու շուրջ»: «Գիտեմ, որ Լիբանանը անցած է եւ կ՛ացնի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԼԻԲԱՆԱՆԻ արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժի այսօր Ռուսիա կ՛այցելէ` ընդառաջելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հրաւէրին: . ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Լիբանանի առջեւ այսօր ծառացած ամէնէն վտանգաւոր մարտահրաւէրը ներկայ սպասման ժամանակահատուածին շուրջ գոյութիւն ունեցող անորոշութիւնն է, որ աւելի կը սրի այն փաստով, որ Լիբանանը մինչեւ երէկ չէր ստացած բանակցութիւններու յաջորդ փուլի թուականի որեւէ հաստատում»: . ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին....

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԵՒՐՈՊԱՑԻ դիւանագէտ մը «Հատաս»-ին. «Եւրոպական ապահովական առաքելութեան յառաջապահ ստորաբաժանումը, որ բաղկացած է հարիւրէ աւելի զինուորներէ, տարեվերջին պիտի հասնի Պէյրութ: Անոնք պիտի աջակցին լիբանանեան բանակին ու ապահովական ուժերուն, եւ հարաւային Լիբանանի մէջ պիտի չտեղակայուին: Ֆրանսան, Իտալիան ու Սպանիան մաս կը կազմեն Լիբանանի մէջ եւրոպական առաքելութեան ուժին»: . «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Պաապտայի պալատը մինչեւ երէկ գիշեր սպասուող բանակցութիւններու թուականէն չտեղեկացուեցաւ, հակառակ...

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

Երէկ երեկոյեան նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութիւնը  յայտարարեց, թէ 24-էն 25 հոկտեմբերի լուսցող գիշերուան ընթացքին Լիբանան պիտի անցնի ձմեռնային ժամանակացոյցի, հետեւաբար ժամացոյցներու սլաքները մէկ ժամ ետ պիտի բերուին:  

Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ առտու ընդունեց Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլասը, որուն յայտնեց, թէ Լիբանան անհամբեր կը սպասէ Եւրոպական Միութեան հետ ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնութիւնը ստորագրելու, մանաւանդ որ ան շրջանին մէջ միութեան հիմնական գործընկերն է: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի, Եւրոպայի եւ շրջանի կայունութիւնները իրարու կապուած են: Աուն նշեց, որ Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գործընկերութիւնը...

Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ.  «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ»  Կ՛ըսէ Սալամ

Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ. «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ» Կ՛ըսէ Սալամ

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ վարչապետարանէն լիբանանցիներուն ուղղեց ուղերձ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ ներկայ տնտեսական իրավիճակին եւ գիներու բարձրացման ու ապրուստի բեռի յաւելեալ լոյսին տակ քաղաքացիներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: Սալամ իր խօսքին սկիզբը մատնանշեց քաղաքացիներուն կրած բեռը, մասնաւորաբար անդրադարձաւ անցեալ երկու ամիսներուն ընթացքին ելեկտրածին շարժակներու սակագինի բարձրացման եւ վառելանիւթի գիներու բարձրացման ճնշումներուն, որոնք ընտանիքները կը մղեն վառելանիւթի ապահովման ու տնային այլ կարիքներու բաւարարման...

Փիկըթ. «Հըզպալլան Կը Փորձէ Անծանօթ Աղբիւրներու  Ճամբով Պատմութիւններ Տարածել, Սակայն  Անոր Խօսած Գումարները Գոյութիւն Չունին»

Փիկըթ. «Հըզպալլան Կը Փորձէ Անծանօթ Աղբիւրներու Ճամբով Պատմութիւններ Տարածել, Սակայն Անոր Խօսած Գումարները Գոյութիւն Չունին»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թոմի Փիկըթ յայտնեց. «Հըզպալլան կը փորձէ` իր շահերուն ծառայող պատճառներով անծանօթ աղբիւրներու ճամբով պատմութիւններ տարածել»` շեշտելով. «Ան կրնայ իր ուզածը պնդել, սակայն անոր խօսած գումարները գոյութիւն չունին»: Նշենք, որ երկու աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած էին. «Հըզպալլան տեղահանուածներուն օգնելու համար Իրանէն 200 միլիոն տոլար ստացաւ»: Փիկըթ յայտնեց, որ կուսակցութիւնը «ծանր հարուածներ ստացաւ եւ հարիւր...

Երեսփոխանական Պատուիրակութիւն Մը  Ռաժժիի Յանձնեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութիւնը  Երկարաձգելու Դիմում Մը

Երեսփոխանական Պատուիրակութիւն Մը Ռաժժիի Յանձնեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութիւնը Երկարաձգելու Դիմում Մը

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի ընդունեց երեսփոխանական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Մըլհեմ Խալաֆ, Նաժաթ Սալիպա-Աուն, Ատնան Թրապուլսի, Իպրահիմ Մնէյմնէ եւ Հայտար Նասեր: Պատուիրակութիւնը Ռաժժիի յանձնեց 86 երեսփոխաններու կողմէ ստորագրուած դիմում մը, որ կոչ կ՛ուղղէ` վերատեսութեան ենթարկելու հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան վերջ տալու թիւ 2790 որոշումը, որովհետեւ իսրայէլեան բռնագրաւումի...

Դեսպան Պաղտասարեան Ընդունեց  «Գարակէօզեան» Հիմնադրամի Ղեկավար Կազմը

Դեսպան Պաղտասարեան Ընդունեց «Գարակէօզեան» Հիմնադրամի Ղեկավար Կազմը

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սարմէն Պաղտասարեան Հայաստանի դեսպանատան մէջ ընդունեց «Գարակէօզեան» հիմնադրամի ղեկավար կազմը` գլխաւոր գրասենեակի գործադիր տնօրէն Իրինա Լազարեանը, Լիբանանի գծով տնօրէն Սերոբ Օհանեանը եւ համայնքային զարգացման բաժինի համակարգող Ժանին Դանիէլեան-Մարգարեանը: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ հիմնադրամի գործունէութիւնն ու համագործակցութեան հաւանական ուղղութիւնները: Դեսպանը բարձր գնահատեց համայնքներու ծառայելու հարցին մէջ հիմնադրամին ցուցաբերած նուիրումը եւ վերահաստատեց դեսպանատան պատրաստակամութիւնը` աջակցելու տեղական...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Շրջանի կացութիւնը վտանգաւոր է: Այս է պատկերը: Բայց եւ այնպէս ոչ ոք կրնայ անոր ուղղութիւնը ճշդել: Սակայն ատկէ անկախ, Լիբանան շրջանին մաս կը կազմէ, եւ այն, ինչ որ շրջանին վրայ կ՛ազդէ, անոր վրայ ալ կ՛ազդէ: Ամէնէն կարեւորը Լիբանանը շրջանի հաւանական իրադարձութիւններէն հեռու պահելու ջանքն է»: . «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «Լիբանանցի պաշտօնատար մը ստացաւ...

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ  Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման,  Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Լիբանանի սահմանադրութեան որդեգրման եւ Լիբանանի Հանրապետութեան ստեղծման 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած «Սահմանադրութեան տողերուն միջեւ» ցուցահանդէսի բացման ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց. «Լիբանանը իր բոլոր զաւակներուն համար վերջնական հայրենիք է, ինքնութեամբ ու պատկանելիութեամբ արաբական է»` աւելցնելով. «Լիբանանի վարչակարգը խորհրդարանական ժողովրդավարութիւնն է, ան հիմնուած է իշխանութիւններու անջատման, հաւասարակշռութեան ու գործակցութեան վրայ»: «Թաէֆի համաձայնութիւնը կեդրոնացաւ պետութեան իր սեփական ուժերով իր...

Սալամ Ստիի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան  Մատակարարման Յաւելեալ Կարելիութիւնները

Սալամ Ստիի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան Մատակարարման Յաւելեալ Կարելիութիւնները

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ճօ Ստին: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան քաղաքացիներուն ելեկտրականութեան մատակարարումը աւելցնելու կարելիութիւններու բոլոր երեսները, մասնաւորաբար այն գործնական քայլերը, որոնք յառաջիկայ շաբաթներուն եւ ամիսներուն ընթացքին մատակարարման աստիճանական յաւելում կ՛ապահովեն: Այս թղթածրարի քննարկումը պիտի շարունակուի ուրբաթ օր գումարուելիք յատուկ ժողովի մը ընթացքին, ինչպէս նաեւ համաձայնութիւն գոյացաւ միջին տեւողութեամբ ելեկտրականութեան խնդիրի կայուն կարգաւորման համար առաջարկուած ծրագիրներուն...

Արաղչի. «Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Հողերուն  Ամբողջականութեան Եւ Պատրաստ Է  Անոր Կայունութեան Պահպանման Նպաստելու»

Արաղչի. «Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Հողերուն Ամբողջականութեան Եւ Պատրաստ Է Անոր Կայունութեան Պահպանման Նպաստելու»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ժան Առնոյի հետ Թեհրանի մէջ իր հանդիպումին ընթացքին վերահաստատեց «Իրանի իսլամական հանրապետութեան Լիբանանի հողերուն ամբողջականութեան ու ազգային գերիշխանութեան զօրակցող սկզբունքային դիրքորոշումը»: Այս մասին հաղորդեց իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը: Ան կոչ ուղղեց «ամրապնդելու ՄԱԿ-ի ջանքերն ու քայլերը` դադրեցնելու Լիբանանի վրայ իսրայէլեան բռնագրաւման յարձակումները»: Արաղչի Իրանի պատրաստակամութիւնը յայտնեց «շարունակելու...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ լաւատեղեակ դիւանագիտական աղբիւրներ «Իրմ Նիուզ»-ին կը յայտնեն, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն կ՛ուսումնասիրէ յառաջիկայ քանի մը շաբթուան ընթացքին շղթայազերծումը զինուորական լայնածաւալ գործողութեան մը` զայն իր ժողովրդականութիւնը վերականգնելու համար իբրեւ ընտրական խաղաքարտ օգտագործելու եւ 7 հոկտեմբեր 2023-ի դէպքերուն մէջ ապահովական բացթողումը ծածկելու համար: Աղբիւրները կը նշեն, որ քուէարկողներու, մասնաւորաբար հիւսիսի բնակեցման վայրերու եւ գիւղերու բնակիչներուն ձայները ապահովելու համար Լիբանանի...

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ճօ Ստի յայտնեց. «Ելեկտրականութեան խնդիրին արմատը արտադրողական կարողութեան պակասն է»: «Սեփական մարզը պէտք է ներդրումներ կատարէ Լիբանանի ուժանիւթի ոլորտին մէջ եւ ելեկտրակայանները շահագործէ, սակայն ջանքերն ու հաղորդակցութիւնները յանգած են այն եզրակացութեան, որ միջազգային ներդրողները ունին իրենց պայմանները եւ ֆինանսական ու անվտանգութեան երաշխիքներ կ՛ուզեն», ըսաւ ան` աւելցնելով. «24 ընկերութիւններ հետաքրքրուած են ուժանիւթի ոլորտին մէջ ներդրում կատարելով,...

Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ  Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան  Պատուիրակութիւնը»

Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան Պատուիրակութիւնը»

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց «Մապարաթ Խէյրիա» սկաուտական միութենէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին միութեան հասարակական յարաբերութիւններու պատասխանատու շէյխ Ֆուատ Խրէյսը, միութեան ընդհանուր յանձնակատար Մուսթաֆա Ապտոն եւ միութեան քարտուղար Ռուլա Սէյիտը: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ սկաուտական ու երիտասարդական շարժումի իրավիճակը եւ երիտասարդներու կարողութեան աճեցման, կամաւորութեան, քաղաքացիութեան եւ հասարակական աշխատանքի բարգաւաճման մէջ սկաուտութեան դերակատարութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը:...

Page 4 of 985 1 … 3 4 5 … 985

Արխիւներ