Լիբանանի մէջ ցամաքային փոխադրամիջոցներու միութիւններու եւ սենտիքաներու նախագահ Պասսամ Թլէյս երէկ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որ նուիրուած էր այսօր նախատեսուած բողոքի հաւաքներուն եւ երթերուն:
«Կառավարութիւնը մեզի ստիպեց այս քայլին դիմել, անիկա մարդոց կամ որեւէ հեղինակութեան դէմ ուղղուած չէ, որովհետեւ հարցը օրէնքի կիրարկման մասին է, եւ մենք անոր գործադրութեան կը զօրակցինք, աւելի՛ն, պատասխանատու դիրքերու վրայ գտնուողներուն կոչ կ՛ուղղենք` իրենց պատասխանատուութիւններուն տէր կանգնելու», ըսաւ ան:
«Պէտք է ըսենք, թէ վաղուան քայլը սկիզբն է, եւ ճամբայ փակել պիտի չըլլայ: Մենք ցոյց եւ նստացոյց կը կատարենք, ուստի երթերն ու հաւաքները օրինական են», ըսաւ Թլէյս` աւելցնելով. «Նախօրօք ներում կը հայցենք քաղաքացիներէն, դպրոցականներէն, ուսուցիչներէն ու պաշտօնեաներէն, եւ բոլորէն, որ վաղը գործ ունին, որովհետեւ (մեր քայլը պիտի տեւէ) առաւօտեան ժամը 6:00-էն մինչեւ հաւաքի գլխաւոր վայր Կեդրոնական Պէյրութի Ռիատ Սոլհ եւ Նահատակաց հրապարակի վրայ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին աւարտի յայտարարումը: Ճամբայ փակողներ չենք, սակայն հաստատօրէն երթեւեկի դժուարութիւն պիտի ըլլայ ինքնաշարժներու, բեռնակառքերու, փոխադրամիջոցներու եւ սիթեռններու մեծ թիւին պատճառով»:
Ըստ բողոքի ցոյց ծրագիրին, ցոյցը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 6:00-ին եւ աւարտի կէսօրուան ժամը 12:00-ին: Ցոյցին մասնակիցները պիտի հաւաքուին Տորայի հրապարակը, Սաֆրայի եւ Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին եւ այլ վայրերու մէջ, ապա այդտեղերէն պիտի ուղղուին դէպի Ռիատ Սոլֆ-Նահատակաց հրապարակ:


