Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Իզէտտին շեշտեց. «Անհրաժեշտ է, որ ոեւէ մէկը որքան ալ բարձր պաշտօն վարէ, այդ անձը նախագահ ըլլայ, վերլուծաբան, մտաւորական կամ ուրիշ մէկը, մէկ աչքով չդիտէ, որովհետեւ մէկ աչքով դիտողը իր գնահատման մէջ կը սխալի եւ իրողութիւնը չի տեսներ, իրականութենէն կը հեռանայ եւ իր վճիռներուն մէջ անիրաւութիւն կը գործէ:
«Մեկնելով ասկէ, սիոնական թշնամին եւ Իրանը իրարու հաւասար նկատելը քաղաքական լուրջ սխալ ու բարոյական յանցագործութիւն է, որուն նկատմամբ կարելի չէ լուռ մնալ, մանաւանդ որ հողը բռնագրաւողին, պղծողին, տուները քանդողին, մարդիկը սպաննողին եւ այս հայրենիքի հողին վրայ ամէն անարգութիւն գործողին ու վաղեմի ժամանակներէ ի վեր Լիբանանին բարիքի ձեռք երկարողին միջեւ մեծ տարբերութիւն կայ», ըսաւ երեսփոխանը:
«Իրանը Լիբանանի նկատմամբ սխալ չգործեց, մանաւանդ յարգանքի եւ փոխադարձութեան վրայ հիմնուած մակարդակի վրայ, եւ որեւէ ատեն Լիբանանի գերիշխանութեան չմիջամտեց, եւ ասոր հակառակը ըսող ամէն խօսք սուտ ու զրպարտութիւն է: Ընդհակառակն, այսօր զայն կը գտնենք իբրեւ Լիբանանին, անոր ժողովուրդին, Դիմադրութեան ու հասարակութեան փրկութեան միակ յոյսն ու լաստը:
«Իրանը տասնամեակներ շարունակ առատաձեռնութեան օրինակ դարձած է ու օգնութեան ձեռք երկարած Լիբանանին եւ կը շարունակէ այդ մէկը ընել, մասնաւորաբար 2006 թուականէն ետք վերակառուցման ջանքերուն մէջ եւ այս հարցին մէջ Լիբանանի պետութեան ցուցաբերած աջակցութեան գործին մէջ: Այսօր Իրանը, իր գերակայ ազգային եւ շրջանային շահերը հետապնդելու ընթացքին, կը պնդէ, որ Լիբանանը ըլլայ Իր եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ապագայ որեւէ բանակցութեան օրակարգի առաջին կէտը:
«Հետեւաբար, մենք պէտք է ամուր կառչինք այս հանրապետութեան եւ այս յոյսին, եւ Աստուծոյ կամքով, Իրանը յաղթած դուրս պիտի գայ իր ներկայ իրավիճակէն, եւ մենք ալ անոր հետ ուշ կամ կանուխ այս թշնամին մեր հողէն պիտի վտարենք», նշեց Իզէտտին:


