Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աթալլա. «Պշարրէի Խումբի Գործին Մէջ Վերջին Խօսքը Արդարադատութեան Պէտք Է Ձգել»

November 28, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր Լիբանան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ժորժ Աթալլա յայտնեց. «Հըզպալլայի առնչուած Պշարրէի խումբին կալանաւորումը կարելի չէ թեթեւի առնել, եւ պէտք է բոլորը տէր կանգնին իրենց պատասխանատուութեան` ներքին լարուածութեան վատթարացումը արգիլելու համար»:

«Անհրաժեշտ է վերջին խօսքը ձգել արդարադատութեան եւ շահագրգիռ մարմիններուն` ընդգծելով այն սկզբունքը, որ ամբաստանեալը անմեղ է մինչեւ անոր մեղաւորութիւնը ապացուցուիլը», շեշտեց երեսփոխանը:

Աթալլա «Սաութ Քուլ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ բնական է, որ ամբաստանուած կողմը` Հըզպալլան փորձէ ինքզինք պաշտպանել, սակայն յայտնեց. «Այս գործով փողոց լարելու եւ ճնշում բանեցնելու որեւէ փորձ մերժելի է»:

Մեկնաբանելով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմի հանրապետութեան նախագահին ու վարչապետին սպառնալը` Աթալլա յայտնեց. «Հզօր Լիբանան երեսփոխանական պլոքը յստակ դիրքորոշում որդեգրեց մերժելով սահմանադրական հեղինակութիւններուն սպառնալն ու դաւաճանութեամբ պիտակաւորումը»:

«Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը զէնքի մենաշնորհման եւ ուղղակի բանակցութեան թղթածրարներուն մէջ զօրակցեցաւ իշխանութեան երկու պետերուն», յայտարարեց ան:

Ան Հըզպալլայի ղեկավարութեան կոչ ուղղեց նախորդ փուլին վերաբերեալ ինքնաքննադատութիւն կատարելու` սկսելով թիկունք կանգնելու պատերազմէն»:

«Որդեգրուած ընտրանքները երկիրը հասցուցին վտանգաւոր իրականութեան, որ կը պահանջէ վերատեսութեան ենթարկել եւ չեղեալ նկատել որոշումներն ու դիրքորոշումները, ինչպէս նաեւ աւելի պատասխանատու մօտեցում ցուցաբերել ներկայ փուլին նկատմամբ», նշեց Աթալլա:

Նախորդը

Ամմար. «Մեր Լռութիւնը Տկարութեան Նշան Չէ, Այլ` Լիբանանի Շահերէն Մեկնելով Մեր Հեռատեսութեան»

RelatedPosts

Ամմար. «Մեր Լռութիւնը Տկարութեան Նշան Չէ,  Այլ` Լիբանանի Շահերէն Մեկնելով Մեր Հեռատեսութեան»
Լիբանանեան

Ամմար. «Մեր Լռութիւնը Տկարութեան Նշան Չէ, Այլ` Լիբանանի Շահերէն Մեկնելով Մեր Հեռատեսութեան»

November 28, 2026
Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Պայրագտարեան Լիբանանի Ողիմպիական  Յանձնախումբի Տագնապի Աւարտը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Պայրագտարեան Լիբանանի Ողիմպիական Յանձնախումբի Տագնապի Աւարտը Յայտարարեց

November 28, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 28, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։