ՄԱԿ-ի մօտ Իսրայէլի դեսպան Տանի Տանոն իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Իսրայէլ հարաւային Լիբանանի մէջ ֆրանսական ուժերու տեղակայման դէմ է` աւելցնելով. «Վերջին բանը, որուն հիմա պէտք ունինք, յաւելեալ ուժ մըն է, որ պիտի խանգարէ եւ Հըզպալլային պիտի արտօնէ վերադառնալ այն վայրերը, ուր նախապէս կը գտնուէր»:
«Անոնք կը խօսին բոլոր շրջաններուն մէջ ուժեր տեղակայելու մասին: Անոնք միայն Սուրիա-Լիբանան սահման կամ Պէյրութ ուղարկելու մասին չեն խօսիր: Ֆրանսացիները նաեւ կը դիտարկեն հարաւային Լիբանանը: Ատիկա աննախադէպ եւ խնդրայարոյց պիտի ըլլայ», շեշտեց դեսպանը:
«Ֆրանսացիները հիմա այս հարցին մէջ շատ աշխուժ են` յառաջ քշելով տարբեր նախաձեռնութիւններ, որոնց մեծամասնութիւնը մեզի համար անընդունելի է», նշեց Տանոն:
Ան ըսաւ, որ ինք անցեալ շաբաթ Իսրայէլի մէջ հիւրընկալած է ՄԱԿ-ի մօտ շարք մը դեսպաններ, որոնք այցելած են Լիբանանի հետ սահման: «Անոնք նաեւ տեսան Կազայի մէջ քանդումը, սակայն անոնց ցոյց կու տանք, թէ տուներուն եւ գիւղերուն տակ ի՛նչ կայ` փապուղիներն ու թաքստոցները, եւ կը բացատրենք, թէ առանց իր վերահսկողութիւնը պարտադրող լիբանանեան ուժեղ բանակի մը, Հըզպալլան շրջանին մէջ վերստին ինքզինք պիտի ամրապնդէ», աւելցուց ան:
Տանոն նշեց, որ Իսրայէլ պիտի ողջունէ առնչակից շրջաններուն մէջ լիբանանեան բանակին կողմէ իմաստալից ու իսկական գործողութիւնները, «սակայն ատիկա տեղի չունեցաւ»:
«Ճիշդ ինչպէս կ՛աշխատինք Եգիպտոսի ու Յորդանանի բանակներուն հետ եւ անոնց հետ համակարգման մեքանիզմներ ունինք, մենք նոյն կարգաւորումը կ՛ուզենք լիբանանեան բանակին հետ` առանց լրացուցիչ ուժերու: Ֆրանսական եւ եւրոպական ուժեր ուղարկելու գաղափարը, անկասկած, Հըզպալլայի վերադարձի ծածկոյթ պիտի ապահովէ», աւելցուց ՄԱԿ-ի մօտ Իսրայէլի դեսպանը:
«Անոնք Հըզպալլայի դէմ պիտի չկռուին, զայն պիտի չվնասազերծեն եւ անոր փապուղիներ փորել կամ արձակումի համար հրթիռները պատրաստել արգիլելու համար արագօրէն պիտի չգործեն: Գործնականին մէջ անոնց ներկայութիւնը Հըզպալլային ազատութիւն պիտի տայ վերադառնալու այն շրջանները, ուր նախապէս տեղակայուած էր», յայտնեց Տանոն` աւելցնելով. «Եթէ լիբանանեան բանակը իրմէ սպասուածը ըրած ըլլար, այժմ կացութիւնը շատ տարբեր պիտի ըլլար»:


