Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ ժոմպլաթ եւ կուսակցութեան ղեկավար, Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի նախագահ Թէյմուր Ժոմպլաթ երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրի ընկերակցութեամբ այցելեցին Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշէլ Իսային:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Հանդիպումը ջերմ եւ անկեղծ էր, անոր ընթացքին տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող քաղաքական իրավիճակին վերաբերեալ: Երկու կողմերն ալ հաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը` գործադրելու բոլոր կարելի ջանքերը Լիբանանը, անոր գերիշխանութիւնը, անկախութիւնն ու կայունութիւնը պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ պետականութեան ծրագիրը ամրապնդելու համար»:


