Հանրապետութեան միւֆթի Ապտելլաթիֆ Տրիան Պոլսոյ մէջ Ֆաթուայի խորհուրդներու միջազգային խորհրդակցական ժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Իսլամներու սուրբ ուղղութեան` Սէուտական Արաբիոյ վրայ հուսիներու յարձակումին, եւ Լիբանանի ու Պաղեստինի վրայ իսրայէլեան յարձակումին մասին նուազագոյն բանը, որ կարելի է ըսել, այն է, որ անոնք ոճրային ու ահաբեկչական արարքներ են, զորս օրէնքներն ու կրօնները կ՛արգիլեն: Երկու սուրբ հարամներուն հողին վրայ յարձակումը պատմութեան ընթացքին միայն արաբներու եւ իսլամներու թշնամիներուն կողմէ կատարուած է եւ բացարձակապէս անարդարանալի է, այլեւ դատապարտելի եւ մերժելի կը մնայ, ինչ ալ ըլլայ այն պատրուակը, որուն ետին կը պահուըտին յարձակողները:
«Անոր որակումը կը նմանի որակումին իսրայէլեան երկարատեւ յարձակումին, որ վերջերս վայրագօրէն կը կատարուի Կազայի, ամբողջ Պաղեստինի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ վրայ: Այն, ինչ որ Միջին Արեւելքի եւ Ծոցի շրջանին մէջ տեղի կ՛ունենայ, այս շրջաններու եւ ժողովուրդներու անվտանգութեան մէջ վտանգաւոր բացի մասին կ՛ահազանգէ, որովհետեւ անոնց տառապանքը պիտի տարածուի ամբողջ իսլամական եւ արաբ ազգին վրայ»:
Տրիան «աշխահի բոլոր ազատ մարդոց» համերաշխութեան եւ համախմբման կոչ ուղղեց` «միասնական դիրքորոշում որդեգրելու Սէուտական Արաբիոյ հետ, որ համբերութիւնն ու իմաստութիւնը դարձուցած է իր կարգախօսը` պատասխանելով իր վրայ յարձակողներուն, եւ վճռականօրէն կիրարկած է ՄԱԿ-ի եւ Ապահովութեան խորհուրդի որոշումները` Կազայի, հարաւային Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ մեր ժողովուրդին վրայ կրակոցը դադրեցնելու համար, եւ առանց ատոր ո՛չ կայունութիւն, ո՛չ ալ բարգաւաճում կայ»:


