Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան Պաապտայի պալատին մէջ հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ:
Պայրագտարեան հանդիպումէն ետք Պաապտայի պալատէն յայտարարեց, թէ Լիբանանի ողիմպիական յանձնախումբի տագնապը աւարտած է մարմնակրթական ընտանիքի համաձայնութեամբ` շեշտելով, որ այս համաձայնութիւնը պիտի յանգեցնէ ողիմպիական նոր յանձնախումբի ընտրութեան:
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունը բարձր գնահատեց լիբանանեան մարմնակրթական ընտանիքին մէջ գոյացած համաձայնութիւնը` նշելով. «Այս քայլը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Լիբանանէն ներս, թէ դուրս մարմնակրթութեան պատկերին վրայ»:


