Լիբանանի մէջ ցամաքային փոխադրամիջոցներու միութիւններն ու սենտիքաները երէկ բողոքի երթեր եւ հաւաք կատարեցին:
Աւարտին, ցամաքային փոխադրամիջոցներու միութիւններու եւ սենտիքաներու նախագահ Պասսամ Թլէյս յայտնեց. «Չէինք փափաքեր, որ կառավարութիւնը մեզ մղէ այս քայլը կատարելու, եւ եթէ իր խոստումները կատարած ըլլար, այստեղ չէինք հասներ»:
«Կարգ մը նախարարներ կը գործակցին, իսկ մնացեալը բացակայ են», աւելցուց ան:
«Այսօրուան քայլը սկիզբն է, եւ պիտի մնայ պահանջ, որ կը ներկայացնէ բոլոր վարորդները` անկախ անոնց համայնքներէն եւ շրջաններէն», յայտնեց Թլէյս:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներքին գործոց նախարար Ահմետ Հաժժարին եւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ռայետ Ապտալլային` «իրենց ջանքերուն համար, սակայն մէկ ձեռքով կարելի չէ ծափել, եւ պահանջուածը ամբողջ համակարգի գործակցութիւնն է»:
«Մեր այսօրուան քայլը խաղաղ էր, եւ յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ յառաջիկայ չորեքշաբթի օր, եթէ կառավարութիւնը մեր պահանջներուն ականջ չտայ», յայտարարեց Թլէյս:


