Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 25, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երկուշաբթի, 30 նոյեմբերի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին խորհրդարանը հրաւիրեց լիագումար նիստի` շարունակելու համար 12 նոյեմբերին գումարուած նիստի օրակարգի մնացեալ կէտերուն քննարկումը:

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Նախագահ Աունի դիրքորոշումները մեծապէս թելադրուած էին Հըզպալլայի քաղաքականութեամբ եւ Լիբանանի անվտանգութեան ու գերիշխանութեան վերաբերեալ անոր ստեղծած խնդիրներով` ըլլան անոնք զէնքի եւ պայթուցիկ նիւթերու վերահսկման հարցերը, թէ լիբանանեան իրականութիւնը Իրանի հետ ճակատման հաշիւներու հետ կապելու շարունակումը»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Ախպար» օրաթերթին. «Նախագահ Աուն Խորհրդարանի նախագահ Պըրրին դրաւ տարբեր իրականութեան մը առջեւ, երբ դիրքորոշումները աւանդական տարակարծութենէն անդին անցան եւ սկսան խաթարել նախագահութեան ու Դիմադրութեան միջեւ յարաբերութիւններուն խորքը»:

. «ՄՈՒՏՈՒՆ»-Ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Պաապտայի պալատին ու Հարեթ Հրէյքի միջեւ հաղորդակցութեան կապերը տակաւին կտրուած են` հանրապետութեան նախագահին եւ Հըզպալլային միջեւ զէնքի մենաշնորհման ու իսրայէլեան բռնագրաւումին նկատմամբ մօտեցումին վերաբերեալ տարակարծութիւններու շարունակման պատճառով»:

. «ԱՆՊԱ ԷԼԵՔԹՐՈՆԻԱ». «Լիբանանեան թղթածրարը Ուաշինկթընի մէջ Ռուպիոյի եւ անոր քաթարցի պաշտօնակիցին կատարած բանակցութիւններուն սեղանին վրայ էր»:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «շրջանային երկիր մը միջամտած է երկու դաշնակիցներու միջեւ լարուածութիւնը մեղմացնելու համար` ձգտելով զսպել անոնց միջեւ աճող օտարացումը եւ կանխարգիլել վէճին վերածուիլը քաղաքական խզումի, որ կ՛ազդէ ներկայ փուլի հաւասարակշռութեան եւ գործընթացներուն վրայ»:

. «ՄՈՒՏՈՒՆ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «Քաթարի արտաքին գործոց նախարարը անցեալ ամիս Պէյրութ իր այցելութեան ընթացքին ներկայացուցած էր շարք մը գաղավարներ, որոնք կը վերաբերէին իսրայէլեան պատերազմի դադրեցման եւ ՖԻՆԻՒԼ-ին այլընտրանք եղող դասաւորումներուն: Հաղորդակցութիւններէն հասկցուեցաւ, թէ Տոհան կրնայ այդ գաղափարներէն մէկ քանին դնել սեղանին վրայ այն բանակցութիւններուն, որոնց առնչութեամբ ամերիկացիներուն եւ իրանցիներուն միջեւ միջնորդութիւն կը կատարէ»:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը Լիբանանի մէջ դաշնակիցներու փոխանցած է, թէ Թեհրան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը բարեփոխումներու ենթարկելուն չի զօրակցիր, ինչպէս նաեւ դէմ է շրջագծային համաձայնութեան Ապահովութեան խորհուրդին փոխանցման կամ անոր միջազգային պարտադիր բնոյթի շնորհման` զգուշացնելով, որ այդպիսի քայլերը կրնան բախումի եւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայման կանոններու փոփոխութեան դուռ բանալ, ինչպէս նաեւ կրնան ամրապնդել քաղաքական ու ապահովական իրողութիւններ, որոնք կը շրջանցեն այս ձեւաչափը, որուն շուրջ փոխըմբռնում գոյացած է»:

. «ՄՈՒՏՈՒՆ». «Լիբանան գրաւ կը դնէ Քաթարի բանակցութիւններու այս հոլովոյթի հարաւային Լիբանանի վիճակին վրայ ազդեցութեան կարելիութեան վրայ, յատկապէս յարձակումները դադրեցնելու եւ մագլցումի հաւանականութիւնը նուազեցնելու առումով: Լիբանանի գրաւը չէ հիմնուած ամերիկեան-իրանեան կայացած փոխըմբռնման գոյութեան վրայ, այլ այն գիտակցութեան վրայ, թէ որեւէ բեկում կրնայ լիբանանեան թղթածրարի կարգաւորման որոշ կարելիութիւն ընծայել»:

. «ՄՈՒՏՈՒՆ». «Նախագիծը, որուն վրայ Ֆրանսան Ուաշինկթընի հետ համակարգումով կ՛աշխատի, կը նախատեսէ վեց ամիս տրամադրել ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հեռացման գործողութեան, եւ անիկա կը թուի շահագրգիռ կողմերուն միջեւ համաձայնութիւն յառաջացնելու ամէնէն մօտ նախագիծը ըլլալ»:

. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Իսրայէլ իր զինուորական գործողութիւնները աշխուժացուց` ընդլայնելու համար այն, ինչ որ «ապահովութեան գիծ» կը կոչէ` մեկնելով իսրայէլեան ընտրութիւններուն ժամանակ Հըզպալլայի կողմէ հովիտներ ներթափանցելու եւ ապաստան գտնելու փորձերու մասին հետախուզական տեղեկութիւններէ: Այս շարժումները նոր են, եւ վերջին օրերուն անոնց կշռոյթը դանդաղած է»:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «Ամերիկացի պաշտօնատար մը քաղաքական բարձրաստիճան գործիչէն հետաքրքրուած է այն պատճառներով, որոնք Լիբանանի պետութեան արգելք կը հանդիսանան Հըզպալլայի դէմ ուժ կիրարկելու: Հարցում մը, որ կ՛արտացոլէ պետութեան զէնքի մենաշնորհ ունենալու հարցի լուծման ուղղութեամբ արտաքին ճնշումներու չափը եւ լիբանանեան իշխանութիւններուն համար այս հարցի լուծման մէջ գոյութիւն ունեցող ընտրանքներու սահմանափակութիւնը»:

. «ԼԻՈՒԱ» օրաթերթ. «Վաստակաւոր քաղաքագէտ մը իր հանդիպումներուն ընթացքին կը կրկնէ նախագահ Քամիլ Շամունի հռչակաւոր խօսքը. «Իրաքի մէջ տեղի ունեցողին հետեւեցէ՛ք, որպէսզի գիտնաք, թէ Լիբանանի մէջ ի՛նչ կրնայ տեղի ունենալ»:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Ապահովական աղբիւրներ հերքեցին, թէ (Քահի պայթուցիկներու հարցի) հետաքննութիւնը կրնայ թղթածրարին կամ ամբողջ ցանցին մանրամասնութիւններուն հասած ըլլալ, սակայն թղթածրարը փոխանցուեցաւ բանակի գաղտնի սպասարկութեան, որ հետաքննութեան պիտի ձեռնարկէ` ճշդելու համար մաքսանենգման մէջ այս ցանցի անհատներուն ունեցած փորձառութեան բնոյթը»:

. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «(Քահի պայթուցիկներու հարցով) մեղադրուողներուն թիւը բարձրացաւ 7-ի, որոնցմէ 5-ը կը պատկանին Ռատի ընտանիքին, անոնք սուրիական ծագումով լիբանանցիներ են, իսկ երկու ուրիշներ Ֆայիատ ընտանիքէն են, եւ անոնց հետ Ատաս ընտանիքէն կին մը կայ»:

. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները նուազեցան 49000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 2.242.000 լ.ո.-ի եւ 2.260.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը նուազեցաւ 48000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.397.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը նուազեցաւ 12000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.625.000 լ.ո.-ի:

. ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ սպառողական ապրանքներու գիներու ցուցանիշը հոկտեմբեր 2026-ին սեպտեմբեր 2026-ի համեմատ 2,04 առ հարիւրի աճ արձանագրած է, իսկ հոկտեմբեր 2025-ի համեմատ` 16,17 առ հարիւրի աճ:

 

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Պաքու Պիտի Հիւրընկալէ Եւրոպասքեթը. Հայաստան Դիմում Կը Ներկայացնէ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։