Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ՔԱԹԱՐԻ վարչապետին այցելութեան հետեւող աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Տոհան տարբեր կողմերու հետ իր ունեցած յարաբերութիւններու լայն ցանցին ճամբով աշխատանք կը տանի կառուցելու «դիւանագիտական ծածկոյթ» մը, որ մղում կը կատարէ դէպի քաղաքական լուծումներ եւ զինուորական ընտրանքներու կրճատում, ինչ որ Լիբանանին կ՛օգնէ վերականգնելու իր գերիշխանական որոշումը եւ ամրապնդելու իր կայունութիւնը»: . ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Ամերիկեան դեսպանատան մէջ դեսպան Միշէլ Իսայի հետ...

Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները  Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն

Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն

Նախարարաց խորհուրդը երէկ վարչապետարանին մէջ գումարեց ժողով մը, որուն ներկայ էր նաեւ նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շուքէյրը: Աւելի ուշ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախարարները հեռացան նիստէն: Ճարտարարուեստի նախարար Ճօ Իսա Խուրի յայտարարեց. «Նիստէն հեռացանք, որովհետեւ կոչ ուղղեցինք, որ ելեկտրականութեան թղթածրարին նկատմամբ աւելի լուրջ վերաբերմունք ցուցաբերուի, սակայն այդ թղթածրարին առնչութեամբ որեւէ որոշում չտրուեցաւ, եւ մինչեւ հիմա ուժանիւթի նախարար Ճօ Ստիի հրաժարական...

Այզենքոթ. «Փէյճըր»-ներու Գործողութիւնը  50 Անգամ Գերազանցող Ծրագիր Մշակեցինք,  Սակայն Նեթանիահուն Վախցաւ Այդ Քայլին Դիմելու»

Այզենքոթ. «Փէյճըր»-ներու Գործողութիւնը 50 Անգամ Գերազանցող Ծրագիր Մշակեցինք, Սակայն Նեթանիահուն Վախցաւ Այդ Քայլին Դիմելու»

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի նախկին պետ, Իսրայէլի վարչապետի պաշտօնի թեկնածու Կատի Այզենքոթ յայտնեց, որ Իսրայէլ կրնար «Փէյճըր»-ներու գործողութիւնը աւելի կանուխ ու աւելի լայնածաւալ կերպով գործադրել, սակայն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն խոչընդոտեց անոր գործադրութիւնը: «Անոր վրայ ճնշում բանեցուցի գործողութիւններուն կշիռը հիւսիսային ճակատ տեղափոխելու, սակայն տատամսեցաւ եւ վախցաւ այդ քայլին դիմելու», նշեց ան: «Տասնամեակ մը առաջ` Մոսատի մասնակցութեամբ ու նախաձեռնութեամբ, աշխատանք տարի մշակումին...

Ֆատլալլա. «Տահր Պայտարի Ինքնաշարժի  Կանգնեցման Առաջին Պահէն Պատկան  Մարմիններուն Հետ Կապ Հաստատեցինք  Եւ Տեղեկացուցինք, Թէ Ինքնաշարժը  Դիմադրութեան Կը Պատկանի»

Ֆատլալլա. «Տահր Պայտարի Ինքնաշարժի Կանգնեցման Առաջին Պահէն Պատկան Մարմիններուն Հետ Կապ Հաստատեցինք Եւ Տեղեկացուցինք, Թէ Ինքնաշարժը Դիմադրութեան Կը Պատկանի»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտարարեց. «Փորձեցինք Տահր Պայտարի մէջ «ինքնաշարժի եւ բեռի» հարցը լուծել ներքին որեւէ վէճէ հեռու, սակայն այդ կողմերուն եւ իշխանութենէն ոմանց միայն թշնամիին նպատակները իրագործող պնդումին դիմաց գտնուեցանք»: Ֆատլալլա խորհրդարանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ ինքնաշարժի կանգնեցման առաջին պահէն իսկ Դիմադրութեան շահագրգիռ կողմերը կապ հաստատած են ապահովական ծառայութիւններուն հետ եւ անոնց տեղեկացուցած,...

Միջազգային Դրամական Ֆոնտը Կը Յայտարարէ.  «Լիբանան Կարիքը Ունի Գլխաւոր  Բարեկարգումներուն Մէջ Յառաջ Ընթանալու,  Որպէսզի Անոր Հետ Աջակցութեան Համաձայնութիւն Կնքենք»

Միջազգային Դրամական Ֆոնտէն Պաշտօնատար Մը Կը Նշէ. «Լիբանանեան Իշխանութիւններուն Հետ Լաւ Քննարկումներ Կատարեցինք, Եւ Նոյեմբերին Պատուիրակութիւն Մը Լիբանան Պիտի Ուղարկենք»

Միջազգային դրամական ֆոնտին մէջ Միջին Արեւելքի եւ Կեդրոնական Ասիոյ վարչութեան փոխտնօրէն Աթանասիոս Արվանիթիս յայտնեց, որ ֆոնտի պաշտօնատարները այս շաբաթ լիբանանեան իշխանութիւններուն հետ «լաւ» քննարկումներ կատարած են, եւ որոշուած է, որ այդ քննարկումները յառաջիկայ շաբաթ շարունակուին: Ան նշեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտէն խումբ մը մտադիր է նոյեմբերին Լիբանան այցելել: Արվանիթիս յայտնեց, որ քննարկումները կեդրոնացած են դրամատնային ոլորտին եւ ելեւմտական համակարգին նկատմամբ...

Լիբանանեան Ազգային Կուսակցութիւնները  Եւ Անձնաւորութիւնները Ներկայացնող  Պատուիրակութիւնը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Լիբանանեան Ազգային Կուսակցութիւնները Եւ Անձնաւորութիւնները Ներկայացնող Պատուիրակութիւնը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Հինգշաբթի, 15 հոկտեմբեր 2026-ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց լիբանանեան Ազգային կուսակցութիւններու, ուժերու եւ անձնաւորութիւններու համախմբումը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Այցելութեան նպատակը վեհափառ հայրապետին պարզել էր Լիբանանի դիմագրաւած տագնապները, յատկապէս հարաւային Լիբանանի առնչուած: Պատուիրակութեան անդամները շեշտեցին Իսրայէլի` Լիբանանի հողերէն հեռացման անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառ հայրապետը, իր կարգին, բաժնելով արտայայտուած մտահոգութիւնները, ընդգծեց Լիբանանի ներքին միասնականութիւնը պահելու եւ խնդիրները երկխօսութեան ճամբով քննելու հրամայականը:

Խալաֆ. «Հարաւային Լիբանանի Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի  Ուժերուն Ներկայութիւնը «Կայունութեան» Ազդակ Է»

Խալաֆ. «Հարաւային Լիբանանի Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Ներկայութիւնը «Կայունութեան» Ազդակ Է»

Երեսփոխան Մըլհեմ Խալաֆ «Էլ.Պի.Սի.»-ի յայտնեց. «Թիւ 2790 որոշումը որդեգրուած ատեն 5 բռնագրաւուած կէտեր կային, իսկ այսօր աւելի քան 70 գիւղեր կան, իսկ որոշումի բնագիրը կը նշէ, որ լիբանանեան բանակը պէտք է ստանձնէ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու տեղակայուած կեդրոնները, որոնց բռնագրաւուած Կապոյտ գիծին վրայ թիւը 33 դիրք է, ինչ որ կը պահանջէ, որ որոշումը վերատեսութեան ենթարկուի»: «Թիւ 2790 որոշումի վերատեսութեան ենթարկման նշաններ կան,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Մոհամետ Հայտար «Ժատիտ»-ին յայտնեց. «Փոխադրածախսի հատուցման օրէնքը հրապարակուեցաւ պետական պաշտօնաթերթին մէջ, եւ պէտք է այս ամսուընէ սկսեալ գործադրուի` ուժանիւթի նախարարութեան կողմէ որդեգրուած սակագինին հիմամբ»: «Նուազագոյն աշխատավարձի յաւելման հարցը կը քննարկենք, եւ գոյութիւն ունի ուսումնասիրութիւն մը, որուն համաձայն նուազագոյն աշխատավարձը պէտք է 1200 տոլար ըլլայ, սակայն այս թիւի ֆինանսաւորումը ապահովուած չէ, ուստի յանձնախումբէն վերջնական թիւը կը սպասենք», աւելցուց...

Աուն. «Լիբանան Կառչած  Կը Մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի Պահպանման»

Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի Պահպանման»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն ընդունեց ՄԱԿ-ի խաղաղապահական գործողութիւններու ընդհանուր յանձնակատարի տեղակալ Ժան Փիեռ Լաքրուան եւ անոր յայտնեց. «Լիբանան կառչած կը մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի պահպանման` նկատի ունենալով անոր առաքելութեան սկիզբէն մինչեւ այսօր  կատարած դերակատարութեան կարեւորութիւնը եւ անոր անդամներուն` սպաներու, աստիճանաւորներու եւ զինուորներու կատարած զոհողութիւնները»: Նախագահը յոյս յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը կ՛ընդառաջէ յառաջիկայ տարուան ընթացքին ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը պահպանելու խնդրանքին, մանաւանդ եթէ իսրայէլեան...

Քաց. «Ոեւէ Իրանցի Ղեկավար, Որ Կը Փորձէ  Իսրայէլը Քանդելու Ծրագիր  Յառաջ Մղել, Պիտի Ոչնչացուի»

Քաց. «Պէյրութի Հարաւային Արուարձանները Դատարկման Պիտի Ենթարկուին, Եթէ Հըզպալլան Իսրայէլի Վրայ Իրանի Յարձակումին Միանայ»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց նշեց. «Եթէ Հըզպալլան Իսրայէլի վրայ յարձակումի մը պարագային Իրանին միանայ, ուժեղ հարուած պիտի ստանայ, եւ Պէյրութի Հարաւային արուարձանները դատարկման պիտի ենթարկուին»: «Իսրայէլեան բանակը պատրաստ է Լիբանանի մէջ յաւելեալ շրջաններ գրաւելու, եթէ Հըզպալլան միջամտէ եւ Իրանին միանայ», ըսաւ ան: «Սուրիոյ եւ Լիբանանի ապահովական շրջաններէն պիտի չհեռանանք», շեշտեց Քաց:  

Երեսփոխանական Պատուիրակութիւն Մը  ՖԻՆԻՒԼ-ի Պահպանման Յուշագիրը  Ներկայացուց Սալամին

Երեսփոխանական Պատուիրակութիւն Մը ՖԻՆԻՒԼ-ի Պահպանման Յուշագիրը Ներկայացուց Սալամին

86 երեսփոխաններու կողմէ ՖԻՆԻՒԼ-ի պահպանման եւ թիւ 2790 բանաձեւի վերատեսութեան պահանջով նախաձեռնութեան ծիրին մէջ, վարչապետ Նաուաֆ Սալամ վարչապետարանին մէջ ընդունեց երեսփոխաններ Ատնան Թրապուլսին, Քասեմ Հաշեմը, Միշէլ Մուսան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին, Ֆիրաս Համտանը, Նասեր Ժապերը, Նաժաթ Աուն- Սալիպան, Պիլալ Հշէյմին եւ Մըլհեմ Խալաֆը: Պատուիրակութիւնը հանդիպումի ընթացքին Սալամին ներկայացուց յուշագիրը, որուն մէջ կ՛ուրուագծուէին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2790 բանաձեւի...

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Լիբանանի  Դեսպանին Մասին Դատական Զեկուցում.  Ուաշինկթըն Կը Դժգոհի

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Լիբանանի Դեսպանին Մասին Դատական Զեկուցում. Ուաշինկթըն Կը Դժգոհի

«Էլ.Պի.Սի. պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Հիմնուելով փաստաբան Հասան Ատել Պազզիի կողմէ Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպան Նատա Համատէ-Մուաուատի դէմ դատախազութեան Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի դեսպանին հետ կապ հաստատելուն ու Այսրյորդանանի մէջ անոր որդիին դէմ վրայերթի գործողութիւնը դատապարտելուն մասին տարածուած լուրերուն վերաբերեալ ներկայացուած զեկուցումին վրայ, դատախազ դատաւոր Ահմետ Ռամի Հաժ որոշած է զեկուցումը ուղարկել զինուորական դատարանի կառավարական յանձնակատար դատաւոր Քլոտ Ղանեմին` ծանօթանալու եւ համապատասխան...

Փիկըթ. «Լիբանանը Միջազգային Ընդարձակ Աջակցութիւն Ստանալու Առիթ Ունի, Սակայն Հըզպալլայի Զէնքը Կայունութիւնն Ու Տեղահանուածներու Վերադարձը Կը Խոչընդոտէ»

Փիկըթ. «Լիբանանը Միջազգային Ընդարձակ Աջակցութիւն Ստանալու Առիթ Ունի, Սակայն Հըզպալլայի Զէնքը Կայունութիւնն Ու Տեղահանուածներու Վերադարձը Կը Խոչընդոտէ»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամի Փիկըթ յայտնեց, որ ամերիկեան վարչակազմը յանձնառու է Միացեալ Նահանգները, Լիբանանն ու Իսրայէլը միաւորող եռակողմ շրջագիծի ծիրին մէջ աշխատանքը շարունակելու` նշելով, որ լիբանանեան եւ իսրայէլեան կողմերուն միջեւ բանակցութիւնները հասած են բարձր մակարդակներու, որոնց նմանը անոնց միջեւ յարաբերութիւնները տասնամեակներէ ի վեր չէ տեսած, «սակայն չեմ ըսեր, թէ հարցերը դիւրին են»: Ան այս մասին յայտնեց «Սքայ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ խորհուրդը այսօր վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ ժողով մը: . ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ Ռայի պատրիարքը այսօր մարոնի եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ աննախադէպ քայլով մը կ՛այցելէ Յունաստան, ուր պիտի մնայ մինչեւ 19 հոկտեմբեր: . ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց երեքշաբթի օր ժամը 11:00-ին նիստի մը` ընտրելու համար խորհրդարանի դիւանի երկու քարտուղարներ եւ երեք յանձնակատարներ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական յանձնախումբերու անդամները: . ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ Պեքայի...

Շէյխ Խաթիպ. «Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Առանց ՄԱԿ-ի Լիազօրութեան Որեւէ  Միջազգային Ուժ Կը Մերժենք»

Շէյխ Խաթիպ. «Հարաւային Լիբանանի Մէջ Առանց ՄԱԿ-ի Լիազօրութեան Որեւէ Միջազգային Ուժ Կը Մերժենք»

Շիիներու իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ նշեց. «Այսօր պայքարը անոնց հետ է, որոնք շունչ կը քաշեն եւ մեր պարտութիւնը կը ջատագովեն: Մենք պարտուած չենք, եւ Արեւմուտքը ուղղակիօրէն մեր դէմ պատերազմ պիտի չյայտարարէր, եթէ վստահ ըլլար, թէ շրջանին մէջ անոր շահերը պաշտպանողները ատիկա կատարելու կարողութիւնն ունին: Վերջիններուս պարտականութիւնը վերջ գտաւ, երբ այդ պարտականութիւնը գործակատարէն հիմնական կողմին անցաւ: Մենք տեւական...

Հըզպալլան Աւերուած Կամ Ոչ Բնակելի  Տուներ Ունեցողներու Պատսպարման  Ծրագիրի Մը Մեկնարկը Յայտարարեց

Հըզպալլան Աւերուած Կամ Ոչ Բնակելի Տուներ Ունեցողներու Պատսպարման Ծրագիրի Մը Մեկնարկը Յայտարարեց

Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի նախագահ շէյխ Ալի Տահմուշ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց «պատսպարման ծրագիր մը անոնց համար, որոնց տուները աւերուած են կամ այլեւս ոչ բնակելի են»: «Ծրագիրը տունի վարձում եւ կահոյքի գնում կ՛ապահովէ, ինչպէս էր 2024 թուականին մեր գործադրած ծրագիրը», նշեց ան` աւելցնելով. «Սահմանափակումները կապուած են տրամադրութեան տակ գտնուող կարելիութիւններուն, այլապէս մեր ամբողջ ժողովուրդը արժանի է, որ անոր ամէն բան...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանական յանձնախումբերը այսօր միացեալ նիստի հրաւիրեց: . «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Քաթարի վարչապետ Մոհամետ Պըն Ապտելռահման Ալ Թանի մօտ օրէն պիտի այցելէ Լիբանան, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ նախագահ Ժոզեֆ Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ու վարչապետ Նաուաֆ Սալամի եւ շարք մը քաղաքական ուժերու ու գործիչներու հետ, ինչ որ կ՛արտացոլէ Տոհայի ցանկութիւնը` վերականգնելու լիբանանեան բեմի վրայ իր ներկայութիւնը,...

Անդրադառնալով Պայթուցիկ Նիւթերով  Բեռցուած Բեռնատարին.  «Հետաքննութեան Շարունակութենէն Ու Այս Ոճրային  Արարքին Մէջ Ներգրաւուած Անձերը  Բացայայտելէն Պիտի Չնահանջենք»  Հաստատեց Սալամ

Անդրադառնալով Պայթուցիկ Նիւթերով Բեռցուած Բեռնատարին. «Հետաքննութեան Շարունակութենէն Ու Այս Ոճրային Արարքին Մէջ Ներգրաւուած Անձերը Բացայայտելէն Պիտի Չնահանջենք» Հաստատեց Սալամ

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ խօսելով լիբանանեան ապահովական վերջին իրադարձութիւններուն մասին` ընդգծեց. «Մեղմութիւն կամ անտեսում պիտի չըլլայ, այլ` ճշմարտութիւն ու հաշուետուութեան ենթարկում»: «Յայտնի դարձած է, որ քանի մը օր առաջ Տահր Պայտարի մէջ կանգնեցուած է Պեքայէն դէպի Մեծն Պէյրութի շրջան ուղղուող բեռնատար մը, որ կը պարունակէր հարիւրաւոր քիլոկրամ պայթուցիկ նիւթեր, ներառեալ` բարձր պայթուցիկ «Սի-4» նիւթը», նշեց ան: «Կը հասկնամ լիբանանցի ժողովուրդին մտավախութիւնը`...

Ժահժահ. «Ելեկտրականութեան Տագնապը  Պետութիւնն Ու Կառավարութիւնը Կը Դնէ  Քննութեան Առջեւ Ախտաճանաչումէն Գործադրութիւն Անցնելու»

Ժահժահ. «Ելեկտրականութեան Տագնապը Պետութիւնն Ու Կառավարութիւնը Կը Դնէ Քննութեան Առջեւ Ախտաճանաչումէն Գործադրութիւն Անցնելու»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց. «Ելեկտրականութեան ոլորտի այսօրուան ճգնաժամը կարելի չէ սահմանափակել մատակարարման ժամերու նուազումով եւ զայն պէտք չէ դիտարկել իբրեւ անցողիկ թեքնիք խնդիր, որ կրնայ մէկ կառավարութենէն միւսը յետաձգուիլ»: «Տեղի ունեցողը դարձած է քննութիւն պետութեան ու կառավարութեան համար` տասնամեակներ շարունակ յամեցող այս ճգնաժամի ախտորոշման փուլէն լուծման եւ անհրաժեշտ որոշումներու կայացման անցնելու», աւելցուց ան: Ժահժահ ընդգծեց. «Ելեկտրականութեան ճգնաժամը...

Պըրրի. «Ընտրական Օրէնքի Փոփոխութեան Որեւէ Նիստ Պիտի Չհրաւիրեմ»

Պըրրի. «Բոլոր Տագնապներու Լուծման Մեր Զէնքը Ազգային Միասնականութիւնն Է»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, թէ Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ վարչապետ Սալամի հետ իր յարաբերութիւնը լաւ է, եւ անոնց հետ հաղորդակցութիւնը կը շարունակուի: «Մեզ պաշարող բոլոր խնդիրներու եւ տագնապներու լուծման համար ազգային միասնականութեան զէնքի օգտագործումը այլընտրանք չունի», շեշտեց ան: Պըրրի «Նահար» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին` անդրադառնալով ելեկտրականութեան թղթածրարին, ըսաւ, որ անիկա Լիբանանի մէջ ջուրի եւ օդի չափ կարեւոր է,...

Page 3 of 985 1 2 3 4 … 985

Արխիւներ