Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Հաժ Հասան խորհրդարանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ժրուտ Պաթրունի մէջ ձերբակալուածները որակեց «բռնի կերպով կալանաւորուած»` նշելով, որ քաղաքական ու արդարադատական իշխանութիւններուն եւ ապահովական մարմիններուն մօտ անոնց թղթածրարին քաղաքականացումը հասած է բարձր ու վտանգաւոր մակարդակի:
Հաժ Հասան ըսաւ, որ կալանաւորուածները իրենց հարցաքննութեան ընթացքին յայտնած են, որ մարդասիրական, ընկերային ու բարգաւաճման պարտականութիւն կատարելու կ՛ուղղուէին` հերքելով իրենց գործունէութեան մասին ըսուածները:
Երեսփոխանը աւելցուց, որ կը սպասուէր, որ անոնք երկուշաբթի, 16 նոյեմբերի առաւօտեան ազատ արձակուէին, եւ այդ առնչութեամբ խոստում տրուած էր: Ան «արտաքին հոգատարութեան պատուիրակները, մասնաւորաբար ամերիկացի պատուիրակը» մեղադրեց արձակելու մէջ հրամաններ, որոնք յանգեցան զանոնք հետաքննութիւններու էութեան հետ կապ չունեցող հարցերով մեղադրելուն:
Հաժ Հասան ըսաւ, որ իշխանութեան եւ անոր կարգ մը արդարադատական ու ապահովական ծառայութիւններուն կատարածը լիբանանցիներու լայն հատուածի մը նկատմամբ գրգռութիւն է:
Ան շեշտեց, որ կայունութեան ու քաղաքացիական խաղաղութեան նկատմամբ նախանձախնդրութիւնը կը մղէ այս թղթածրարին հետ պատասխանատու կերպով վարուելու:
«Պիտի պաշտպանենք այս բռնի կերպով կալանաւորուածներուն իրաւունքն ու Դիմադրութիւնը», նշեց Հաժ Հասան` աւելցնելով. «Համբերութիւնը սահման ունի»:


