Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վառելանիւթի Ցրուումի Գործիքակազմը Սերտուած Է. Անիկա Հսկողութեան Տակ Պիտի Առնէ Ամբողջ Մարզը Եւ Խստօրէն Պիտի Պատժէ Չարաշահողները

Օգոստոս 25, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով տակաւին յստակ ոչ մէկ նորութիւն արձանագրուած է:

Միւս կողմէ, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը եղաւ 132.400 լ. ոսկի, 95 օքթան պենզինին սակը` 128.200 լ. ոսկի, իսկ մազութին սակը` 98.800 լ. ոսկի:

Հակառակ այս որոշումին, սակայն, մեծ թիւով պենզինի կայարաններ իրենց դռները փակ պահեցին` հաստատելով, որ իրենց շտեմարաններուն մէջ գոյութիւն ունեցող պենզինը դատարկուած է, իսկ ոմանք պարտադիր նկատեցին, որ ապահովական ներկայութիւն ըլլայ կայարանին մէջ` բանալու համար իրենց կայարանները:

Այս պատճառով մեծ թիւով քաղաքացիներ չկրցան վառելանիւթ ապահովել, իսկ ոմանք ժամերու սպասումէ ետք աւելի բախտաւոր դուրս եկան` ապահովելով իրենց փոխադրութիւնը:

Միւս կողմէ, վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ վարչապետարանին մէջ նախագահեց նիստի մը, որ տրամադրուեցաւ վառելանիւթի ցրուումի գործիքակազմը սերտելու:

Տիապ յայտնեց, որ կը գտնուինք այնպիսի կացութեան մը դիմաց, ուր չարաշահումը, մաքսանենգումն ու պահեստ պահելու դրութիւնը ընդհանուր իրավիճակին մաս կը կազմէ:

Ան նկատել տուաւ, որ նաւթ ցրուող ընկերութիւնները, պենզինի կայարանները, առեւտրականներն ու քաղաքացիները բոլորն ալ իրենց բաժինը ունին տագնապի բարդացումին մէջ:

Տիապ նշեց, որ անցեալ շաբաթ օր տրուած որոշումները` վառելանիւթի սակը փոփոխութեան ենթարկելու եւ անոր զուգահեռ պետական մարզի պաշտօնեաներուն փոխադրածախսի յաւելում ու յաւելեալ ամսական աշխատավարձ շնորհելու առումով, վաւերացուած են արդէն: Ան ըսաւ, որ անոնց վրայ կ՛աւելնայ սեփական մարզին փոխադրածախս շնորհելու որոշումը` նկատի ունենալով այս իմաստով Տնտեսական խորհուրդներուն նախաձեռնութիւնը:

Տիապ յայտնեց, որ այս քայլերը պէտք է մեղմացնեն տագնապը, սակայն դժբախտաբար կարելի չէ բարոյական արժէքներու եւ խիղճի վրայ վստահիլ` տագնապին լուծման համար: «Հետեւաբար շուկան հսկողութեան տակ պահելու եւ չարաշահումը արգիլելու նպատակով բոլորը պիտի ըլլան հսկողութեան տակ, այսինքն` նաւթ ներածող եւ ցրուող ընկերութիւնները, պենզինի կայարաններուն սեփականատէրերը, փուռերու սեփականատէրերը, ելեկտրածին շարժակներուն սեփականատէրերը եւ այլն», ըսաւ ան` հաստատելով, որ հսկողութեան խիստ միջոցներ պիտի որդեգրուին:

Նիստին ընթացքին որոշուեցաւ.

– Վարչապետարանը վերածել համագործակցութեան բոյնի մը` նախարարութիւններուն եւ ապահովական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն միջեւ` հսկելու համար վառելանիւթի շուկային:

– Դատական իշխանութիւններուն հետ գործակցութիւնը աշխուժացնել եւ վառելանիւթի չարաշահումին կամ մաքսանենգումին համար ծանր պատիժներ տնօրինել:

– Վառելանիւթի հսկողութեան գործիքակազմ մը որդեգրել` Լիբանան հասնելու վայրկեանէն մինչեւ քաղաքացիներուն յանձնելու վայրկեանը:

– Հիւանդանոցներուն, փուռերուն, ալրաղացներուն եւ հաղորդակցութեան կեդրոններուն մազութի յանձնումը երաշխաւորել:

– Կայարաններէն պահանջել իրենց բոլոր խողովակներուն օգտագործումը, որպէսզի արագ կերպով կատարուի պենզինը քաղաքացիներուն յանձնելու հոլովոյթը եւ կարելի ըլլայ խճողումը թեթեւցնել:

– Յանձնառու մնալ ճշդուած սակերուն, հաշուիչները չխանգարել եւ վառելանիւթի տեսակը պահպանել:

– Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան, քաղաքապետարաններուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ համագործակցութիւնը պահպանել` ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերուն մազութ տրամադրելու առումով:

– Ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերէն պահանջել, որ յանձնառու մնան ուժանիւթի նախարարութեան ճշդած սակին:

Վառելանիւթի ցրուիչներու սենտիքայի անդամ Ժորժ Պրաքս նիստէն ետք յայտնեց, որ մինչեւ սեպտեմբերի աւարտ վառելանիւթին տրամադրուած նպաստը ամբողջովին վերջ պիտի գտնէ:

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Կրթական Մարզին Համար Որդեգրուելիք Որեւէ Լուծում Միացեալ Ճիգ Կ՛ենթադրէ»

Յաջորդը

«Աշխարհի Բոլոր Երկիրները Լիբանանը Կը Նկատեն Կտոր Մը Հող` Նպատակադրելով Բաժնուիլ Անոր Բարիքները» Յայտնեց Յակոբ Բագրատունի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Նախաձեռնութիւնը Եւ Հետագայ Միաւորուածութեան Խնդիրը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Նախաձեռնութիւնը Եւ Հետագայ Միաւորուածութեան Խնդիրը

Յունիս 12, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութիւնը Պատրաստ Է  Ստորագրելու Անվստահութեան Գործընթացը,  Երբ Նաեւ Փողոցային Պայքար Սկսի
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութիւնը Պատրաստ Է Ստորագրելու Անվստահութեան Գործընթացը, Երբ Նաեւ Փողոցային Պայքար Սկսի

Յունիս 12, 2025
Գարեգին Բ. Կաթողիկոս. «Կը Հաւատամ,  Որ Կը Յաղթահարենք Այս Դժուարութիւնը»
Գլխաւոր լուրեր

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս. «Կը Հաւատամ, Որ Կը Յաղթահարենք Այս Դժուարութիւնը»

Յունիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?