Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Կոչ Ուղղեց` Ելեկտրականութեան Առումով Քինախնդրութեան Վերջ Տալու

August 26, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նախանցեալ օր նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի առցանց նիստին, որմէ բխած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Թլէյլի պայթումին արձանագրուած զոհերուն ընտանիքներուն իրաւունքն է իմանալ այդ պայթումին տուն տուող պատճառները: Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ այդ առումով համախմբումը ներկայացուցած է օրինագիծ մը` Թլէյլի պայթումին զոհերը նկատելու լիբանանեան բանակի նահատակներ:

Համախմբումը ընթացիկ հարցերու բաժինով կառավարութենէն պահանջեց լիբանանցիներուն վառելանիւթ վաճառելու առումով չափաբաժինի գործիքակազմ որդեգրել, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծել պենզինի կայարաններուն առջեւ ստեղծուող խճողումի երեւոյթը, կազմաւորել մազութի պահանջը եւ ամէնէն կարեւորը` պայքարիլ վառելանիւթի մաքսանենգումին դէմ:

Հզօր Լիբանան համախմբումը կոչ ուղղեց` ելեկտրականութեան առումով քինախնդրութեան վերջ տալու եւ նախաձեռնելու Ելեկտրականութեան ընկերութեան ֆինանսաւորման, որպէսզի ան վերստին գործէ եւ կարենայ օրական դրութեամբ աւելի քան 16 ժամ ելեկտրականութիւն հայթայթել:

Համախմբումը ընդգծեց, որ ա՛յս է միակ լուծումը` նուազագոյն սակով լիբանանցիներուն ելեկտրական հոսանք տրամադրելու:

Համախմբումը յոյս յայտնեց, որ նշանակուած վարչապետը հանրապետութեան նախագահին հետ կարենայ կազմել կառավարութիւնը եւ այս շաբթուան ընթացքին յայտարարել այդ կազմին մասին` նկատի ունենալով վարչապետին եւ նախագահին կողմէ կառավարութիւն ունենալու բարի կամեցողութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դիմագրաւած ծանր եւ տագնապալի պայմանները:

«Լիբանանցիները կը սպասեն իր ծրագիրներով եւ նախարարներով կարող կառավարութեան մը, որ կը կասեցնէ քանդումն ու փլուզումը եւ կը սկսի իսկական եւ ամբողջական բարեկարգումի: Այնքան ատեն որ նախագահն ու վարչապետը համաձայն են կառավարութեան կազմութեան ընդհանուր խորագիրներուն շուրջ` սահմանադրութեան եւ Ազգային ուխտի շրջագիծին մէջ, ապա անոնք պէտք է շրջանցեն բոլոր արգելքներն ու շինծու դժուարութիւնները, որպէսզի կազմեն կառավարութիւնը եւ սկսին բարեկարգումի», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

 

Նախորդը

Համատ Հասան. «Գրաւուած Դեղորայքը Ձրիաբար Պիտի Բաժնուի Լիբանանցիներուն»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Պատրաստակամութիւն Յայտնեց Զօրակցելու Կրթական Ծրագիրներուն

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.