ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1593 վարակուածներ եւ 5 մահեր:
Նշուեցաւ նաեւ, որ 17, 18 եւ 19 օգոստոսին Պէյրութ հասած թռիչքներուն վրայ կային 81 «Քորոնա»-ով վարակուածներ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա վաղը` ուրբաթ, 27 օգոստոս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, պատկերասփռուած ճառ մը պիտի արտասանէ` Լիբանանի Բ. ազատագրումի քառամեակին առիթով:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ղատա Շրէյմ յայտնեց, որ անյագութիւնը ներկայ փուլը բնորոշող միակ խորագիրն է: «Նիւթական եւ քաղաքական անկուշտ վիճակ, նոյնիսկ եթէ անիկա ժողովուրդին առողջութեան կամ ջիղերուն հաշուոյն ըլլայ», ըսաւ ան:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Աթալլա յայտնեց, որ ամերիկացիները չեն դիւրացներ կառավարութեան կազմութեան աշխատանքները` աւելցնելով, թէ կառավարութեան որոշումները սառեցնելու մէկ երրորդի հարցը շատոնց փակուած է:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահն ու Հըզպալլան այսօր երկրին սահմանադրութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանին ու լիբանանցիներուն շահերուն դէմ յեղաշրջում կը կազմակերպեն` դէպի Սուրիա մաքսանենգումը դիւրացնելու իմաստով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ալի Պարըշ Ուլուսոյի, որուն հետ քննարկեց Անգարա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները:
ԱՔՔԱՐԻ երեսփոխանները եւ քաղաքապետական համադաշնակցութիւններու նախագահները երէկ հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ իրենք այցելած են Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի, որ խոստացած է, թէ ներքին ապահովութեան ուժերը Աքքարի համար բաւարարաչափ վառելանիւթ պիտի ապահովեն:
ԹՐԻՓՈԼԻԻ քաղաքապետ Ռիատ Եամաք կոչ ուղղեց` գիշերը Թրիփոլիի մէջ կրակմարի դրութիւն յայտարարելու` զսպելու համար ապահովական սանձարձակութիւնը:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ կոչ ուղղեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթով զբաղող պատասխանատուներուն` ընտրելու յարգուած անձնաւորութիւններ եւ ոչ թէ 10-րդ կարգի անհատներ: