Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Պատրաստակամութիւն Յայտնեց Զօրակցելու Կրթական Ծրագիրներուն

August 26, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց կրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Թարեք Մաժզուպը, ընկերակցութեամբ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ֆատի Եարաքի եւ Հիլտա Խուրիի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն ընդգծեց իր յանձնառութիւնը` կրթական մարզին նկատմամբ թէ պետական, եւ թէ անձնական դպրոցներու եւ կրթական հաստատութիւններու:

Ան շեշտեց Լիբանանի մէջ ուսման մակարդակը պահպանելու կարեւորութիւնը, եւ ամբողջական պատրաստակամութիւն յայտնեց զօրակցելու կրթական ծրագիրներուն` ապահովելու համար կրթական նոր տարեշրջանին լաւ մեկնարկը:

Հանդիպումին ընթացքին Մաժզուպ նախագահը տեղեակ պահեց կրթութեան նախարարութեան նուաճումներուն մասին, ինչպէս նաեւ անոր ներկայացուց պետական քննութիւններուն պատկերն ու վերամուտին սկսելու նախապատրաստութիւնները:

Մաժզուպ յայտնեց, թէ իրենք կարիք ունին, որ օժանդակ կողմերը թէ՛ պետական, եւ թէ սեփական մարզերու ուսուցիչներուն սատարեն:

Ան նշեց, որ երկրին կրթական մարզը այս տարի շատ խոցելի վիճակի մէջ է, սակայն Լիբանան 3-րդ տարին ըլլալով` այս տարի եւս ստիպուած է արտակարգ իրավիճակի մէջ գործել` կրթական մարզին առումով:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ ստորագրեց թիւ 8117 հրամանագիրը, որուն հիման վրայ ելեւմուտքի նախարարութեան կը յատկացուի 600 միլիառ լ. ոսկիի առ հաշիւ գումար մը` պետական մարզի պաշտօնէութեան ընկերային օժանդակութիւն տրամադրելու:

Նախագահ Աուն ստորագրեց նաեւ այլ հրամանագիր մը, որուն համաձայն, զինուորական եւ ապահովական ուժերն ու քաղաքապետութեան ոստիկանները կարենան իրենց հսկողութիւնը բանեցնել ուժանիւթի աղբիւրներուն վրայ եւ կազմակերպել ուժանիւթի ցրուումը ամբողջ Լիբանանի տարածքին:

 

 

 

Նախորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Կոչ Ուղղեց` Ելեկտրականութեան Առումով Քինախնդրութեան Վերջ Տալու

Յաջորդը

Միքաթի Յետաձգեց Նախագահական Պալատ Իր Այցելութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.