Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թաքուա Եւ Սալամ Մզկիթներու Պայթումին Ը. Տարելիցին Առիթով. Վարչապետ Միքաթի Կոչ Կ՛ուղղէ Բացայայտելու Եւ Պատժելու Յանցագործները

Օգոստոս 24, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրիփոլիի Թաքուա եւ Սալամ մզկիթներու պայթումին Ը. տարելիցին առիթով, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի տեղեկատու գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ այդ պայթումը հարուածած է Լիբանանի սիրտը եւ փորձած սադրանքներ նախապատրաստել, սակայն շրջանը կրցած է մարել սադրանքներու այդ հուրը` հակառակ իր ստացած խոր վէրքին:

«Թրիփոլի սադրանքներուն վերջ տուած է` հաստատելով լիբանանեան պետութեան ու անոր հաստատութիւններուն կառչած մնալու, ինչպէս նաեւ ազգային եւ արաբական ընտրանքներէն չշեղելու իր յանձնառութիւնը:

Թաքուա եւ Սալամ մզկիթները իրենց արիւնով ներկած նահատակ հաւատացեալներու այս ցաւալի դէպքին յիշատակին առիթով կը շեշտենք լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն կողմէ բոլոր յանցագործներն ու մեղսակիցները բացայայտելու եւ պատժելու կարեւորութիւնը», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Միքաթի ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերուն ընտանիքներուն եւ զօրակցութիւն` Թրիփոլիին, որպէսզի կարենայ դիմագրաւել դժուարութիւնները` անշեղ մնալով իր սկզբունքներէն:

Միւս կողմէ, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի այս առիթով յայտնեց, որ արդարութիւնը բացայայտած է յանցագործներուն ինքնութիւնը, սակայն վճիռը տակաւին չէ գործադրուած:

Հարիրի ընդգծեց, որ պատիժը պիտի գործադրուի, որքան ալ ուշ ըլլայ:

 

Նախորդը

Թարեք Մաժզուպ. «Պետական Դպրոցներուն Վերամուտը 27 Սեպտեմբերին Է, Իսկ Անձնական Դպրոցներունը` Սեպտեմբերի Աւարտին Կամ Հոկտեմբերի Սկիզբին»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Հայր Ապպուտի Հետ Քննարկեց ՔԱՐԻԹԱՍ-ի Աշխատանքները

RelatedPosts

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»
Լիբանանեան

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը  Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»
Լիբանանեան

Ժապեր. «Պատերազմին Գինը Անցաւ 11 Միլիառ Տոլարը»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?