Համատ Հասան. «Բացայայտուած Պահեստանոցներուն Դեղորայքն Ու Մանուկներու Կաթը Պիտի Տրամադրուին Դարմանատուներուն»
Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան երէկ կէսօրէ ետք «ներխուժում» մը կատարեց Սատ Պաուշրիէի մէջ գտնուող դեղորայքի հսկայական պահեստանոց մը: Հասան գրաւեց դեղորայքը` շեշտելով, որ բացայայտուած պահեստանոցներուն դեղորայքն ու մանուկներու կաթը պիտի տրամադրուին դարմանատուներուն եւ առողջապահական կեդրոններուն: Ան հաստատեց, որ այս պահեստանոցին մէջ գտնուած է հիւանդանոցներէն սպառած դեղի տեսակ մը (6800 դեղահատ), որուն կարիքը զգացուած էր Թլէյլի պայթումէն հրկիզուած պարագաներու բուժման...


















