Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Օգոստոս 27, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1332 վարակուածներ եւ մահացած 7 ուրիշներ:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Լամիա Եամմին յայտնեց, որ ինք այս շաբաթ պիտի վաւերացնէ պետական մարզի պաշտօնեաներուն փոխադրածախսի յաւելումներու որոշումը:

ՑԱՄԱՔԱՅԻՆ փոխադրութեան սենտիքաներու եւ համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս յայտնեց, որ մէկ շաբթուան ընթացքին պիտի յայտարարեն հանրային փոխադրութեան սակ մը, որ կը գոհացնէ վարորդը եւ մեծ վնաս չի պատճառեր քաղաքացիին:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար յայտնեց, որ փոխադրածախսի յաւելում չի նշանակեր ամսական աշխատավարձը վերատեսութեան չենթարկել եւ յաւելումներ չընծայել: Ան ընդգծեց, որ ամէնօրեայ դրութեամբ ճշդուած փոխադրածախսը նոյնիսկ պէտք է յաւելում արձանագրէ, իսկ նուազագոյն աշխատավարձը պէտք է վերածուի 7 միլիոն լ. ոսկիի:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր` ուրբաթ, 27 օգոստոս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին պատկերասփռուած ճառ մը պիտի արտասանէ Լիբանանի Բ. ազատագրումի քառամեակին առիթով:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ընկերային ցանցերու վրայ տեղադրեց գրառում մը, որուն ընդմէջէն հաստատեց, որ վերջին տարիներուն զիրենք սին մեղադրանքներով դատապարտող կողմերը դուրս եկած են իբրեւ միլիոնաւոր լիթրերու պենզինի շտեմարաններ սարքող սեփականատէրեր:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ իրաքեան նաւթը Լիբանան պիտի հասնի 5-10 սեպտեմբերի միջեւ:

ԱԶԳԱՅԻՆ համախմբում պլոքի երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազեն յայտնեց, որ իրենք վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ համաձայն են, եւ կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն դիմաց արգելքներ չեն նկատուիր:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն հաստատեց, որ պէտք է ընդունիլ այն իրականութիւնը, որ կառավարութեան կազմութեան առումով կան ներքին լիբանանեան հարցեր:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ ներքին եւ արտաքին ճնշումները նախանցեալ օր հասած են իրենց գերագոյնին` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան առումով տակաւին կան միայն որոշ մանրամասնութիւններ: «Ամէն պարագայի, նոյնիսկ եթէ կառավարութիւնը կազմուի, անիկա պիտի չըլլայ Լիբանանի փրկութեան կառավարութիւնը, այլ` արտաքին օժանդակութիւններ ստանալու կառավարութիւն մը», ըսաւ ան:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային եւ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որոնց հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղական ու շրջանային իրադարձութիւնները:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերը երէկ հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ իրենք բացայայտած են եւ գրաւած աւելի քան կէս միլիոն լիթր մազութ եւ պենզին: «Գրաւուած վառելանիւթը բաժնուեցաւ հիւանդանոցներու, ալրաղացներու, ծերանոցներու, փուռերու եւ քաղաքապետարաններու, որոնք կը հսկեն ելեկտրածին շարժակներու եւ ջրհորներու:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ եթէ Իրանէն Լիբանան նաւարկող իրանեան նաւը հարուած ստանայ, ապա Միջերկրականի ջուրերուն մէջ գտնուող իսրայէլեան բոլոր նաւերը թիրախ պիտի դառնան Հըզպալլայի հրթիռարձակումին:

 

Նախորդը

Գործի Ժամն Է

Յաջորդը

Պուրճ Համուտի Աղբանոցներէն Մէկուն Մէջ Կը Յայտնաբերուի Նորածին Մանուկ Մը

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?