Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Ընդունեց Թոնի Ֆրենժիէն

August 27, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երեքշաբթի, 31 օգոստոս 2021-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը` իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն անյայտ կորսուելուն 43-ամեակին առիթով:

Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ազգային համախմբում պլոքի երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէն, որ յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ պայմաններուն լոյսին տակ, մենք կարիքը ունինք կառավարութեան մը, որ կառուցային բարեկարգումներ կատարէ` լիբանանեան դրամանիշին կայուն սակ մը ճշդելու, նպաստը վերացնելու, պետական մարզի աշխատավարձը վերատեսութեան ենթարկելու, ինչպէս նաեւ հատուցման քարտը վաւերացնելու առումով:

Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է օրինագիծ մը, որ պիտի առաջադրուի իրենց պլոքին կողմէ` ուժանիւթի մարզին եւ Ելեկտրականութեան ընկերութեան տագնապներուն լուծումներ ապահովելու համար:

«Գործունեայ կառավարութեան մը բացակայութեան, մենք` իբրեւ երեսփոխաններ, պէտք է ջանանք այս տագնապներուն լուծման միջոցներ գտնել, որպէսզի կարենանք լուծումներ ապահովել նաեւ հիւանդանոցներու, հաղորդակցութեան միջոցներու, համացանցի մարզերուն», ըսաւ Ֆրենժիէ:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Ռալֆ Թրաֆը, որ խորհրդարանի նախագահին յանձնեց Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեֆ Պորելի յղած նամակը, որ կը վերաբերէր Աքքարի մէջ պատահած պայթումին:

Նամակին մէջ Պորել ցաւակցութիւն յայտնելէ բացի ընդգծած էր նաեւ, որ Լիբանան կը գտնուի խաւարումի վիճակին մէջ` աւելցնելով, որ ընկերային եւ ապահովական վտանգները ամէնօրեայ դրութեամբ աճ կ՛արձանագրեն, եւ կացութիւնը կրնայ որեւէ ատեն հակակշիռէ դուրս գալ, հետեւաբար կառավարութեան կազմութիւնը դարձած է աւելի քան կարեւոր եւ լիբանանցի ժողովուրդին ի շահ:

Պորել իր նամակին մէջ հաստատած էր, որ իր հարցերուն լուծման առումով Լիբանան կրնայ վստահիլ Եւրոպական Միութեան օժանդակութեան:

Նախորդը

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Կը Հովանաւորէ «Քրոս Քար»-ի Միջին Արեւելքի Ախոյեանութեան Ռելին

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Ժոզեֆ Պորելէն Կը Ստանձնէ Հրատապ Նամակ Մը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.