Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Կրթական Մարզին Համար Որդեգրուելիք Որեւէ Լուծում Միացեալ Ճիգ Կ՛ենթադրէ»

August 25, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց կաթողիկէ դպրոցներու նոր նշանակուած ընդհանուր քարտուղար հայր Եուսեֆ Նասըրը, քոյր Պասիմա Խուրին եւ քոյր Աֆաֆ Ապու Սամրան:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան վերամուտի սեմին կաթողիկէ դպրոցները յուզող ներկայ մարտահրաւէրները:

Անոնք նախագահ Աունը հրաւիրեցին ներկայ գտնուելու կաթողիկէ դպրոցներու տարեկան համագումարին, որ տեղի պիտի ունենայ 15 եւ 16 սեպտեմբերին, Լուէյզէի դպրոցին մէջ:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած դժուար պայմանները չեն կրնար իրենց ազդեցութիւնը չունենալ երկրին դպրոցական եւ համալսարանական կրթութեան մակարդակներուն վրայ:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ դժուարութիւնները իրենց վատ անդրադարձն ու կշիռը կ՛ունենան երկրին կրթական բոլոր հաստատութիւններուն վրայ, ըլլան անոնք պետական թէ սեփական:

«Այդ պայմանները իրենց ազդեցութիւնը ունեցած են նաեւ ուսանողներուն եւ անոնց ծնողներուն վրայ` միջամտելու եւ օժանդակելու պետական կարողութիւններուն արձանագրած տեղքայլին պատճառով: Այս դիտանկիւնէն մեկնելով կրթական մարզին համար որդեգրուելիք որեւէ լուծում միացեալ ճիգ կ՛ենթադրէ` պետութեան, կրթական հաստատութեան, ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն կողմէ, որպէսզի լուծումները ըլլան իրական եւ շրջանցեն Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ զգայուն փուլը»:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ կարողութիւններ ունեցող լիբանանցիներն ու օժանդակող միջազգային կողմերը հիմնական դերակատարութիւն ունին` իրենց օժանդակութեան ծրագիրներուն առաջնահերթութիւն ընծայելու, որպէսզի կարելի ըլլայ շտապ կերպով կրթական մարզին օժանդակել` Լիբանանի ապագան ու նորահաս սերունդները պաշտպանելու նպատակով:

 

Նախորդը

Համատ Հասան «Ներխուժեց» Դեղորայքի Պահեստանոցները

Յաջորդը

Վառելանիւթի Ցրուումի Գործիքակազմը Սերտուած Է. Անիկա Հսկողութեան Տակ Պիտի Առնէ Ամբողջ Մարզը Եւ Խստօրէն Պիտի Պատժէ Չարաշահողները

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.