ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1149 վարակուածներ եւ մահացած 5 ուրիշներ:
ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԻ եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու գործակատար Զէյնա Աքըր ընդունեց Լիբանանի մէջ Մալեզիոյ եւ Ճափոնի դեսպանները, որոնց հետ քննարկեց իւրաքանչիւր երկրի հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները: Աքըր ընդունեց նաեւ Մարոնիներու լիկայի նախագահ Նաամթալլա Ապի Նասըրը, որուն հետ քննարկեց 2022-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն արտերկրի լիբանանցիներուն մասնակցութեան վերաբերող հարցեր:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Իյըն Քոլըրտը, որուն հետ քննարկեց երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական իրադարձութիւնները, Կեդրոնական դրամատան պարզած իրավիճակը, ինչպէս նաեւ հատուցման քարտի դրութիւնն ու ընթացիկ հարցերու կառավարութեան կողմէ որդեգրուած նպաստը աստիճանաբար կասեցնելու դասաւորումները:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը այս շաբթուան ընթացքին նախատեսուած է, այլապէս` վարչապետ Նեժիպ Միքաթի պիտի հրաժարի:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, որ ներկայ իշխանութեան պարտականութիւնն է արագացնել կառավարութեան կազմութիւնը` նկատի ունենալով, որ անիկա երկիրը դժոխքի վերածած է:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ հարց տուաւ իշխանութեանց, թէ արդեօք անոնք տեղեա՞կ են, թէ բանակը քայքայման սեմին կը գտնուի:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա հաստատեց, որ պետական մարզի պաշտօնեաներուն յատկացուելիք արտակարգ օժանդակութիւնները պէտք է յատկացնել նաեւ սեփական մարզին` առանց խտրութեան եւ բոլորին նկատմամբ արդար ըլլալու սկզբունքին հիման վրայ:
ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Ուսամա Սաատ յայտնեց, որ վառելանիւթի տագնապին պատճառով ժողովուրդին տառապանքը մարդ արարածին հանդուրժելու կարողութենէն աւելի վեր է:
ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներու համաձայն, Ատլիէի մէջ կանգ առած ինքնաշարժի մը մէջ գտնուած է լիբանանեան բանակի անդամ զինուորականի մը դիակը:
ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրները յայտնեցին, որ նախանցեալ օր Հերմելի բարձունքներուն վրայ ինքնաշարժի մը մէջ երեք դիակներ գտնուած են, եւ դէպքին շուրջ հետաքննութիւն բացուած է:
ՍԱՅՏԱՅԻ ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ Քաֆարիա շրջանին մէջ գտնուած է դիակ մը, որուն ինքնութիւնը անծանօթ է: Դէպքին շուրջ հետաքննութիւն բացուած է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Պեքաայի Պուտայ շրջանին մէջ ներխուժեց թմրանիւթերու պատրաստութեան գործարան մը եւ գրաւեց հոն գտնուող թմրանիւթերն ու փակեց գործարանը:
ՆԱԽԱՆՑԵԱԼ գիշեր Թրիփոլիի Թալ հրապարակին վրայ գտնուող «Թրիփոլի փլազա» վաճառատուներու շարքին անծանօթներ ձեռնառումբ մը նետած են` պատճառելով մարդկային եւ նիւթական վնասներ: