Զինուորական ատեանը երէկ երեկոյեան Ահմետ Ասիրը դատապարտեց 20 տարուան բանտարկութեան` տաժանակիր աշխատանքով, ինչպէս նաեւ զայն քաղաքացիական իր իրաւունքներէն զրկեց` Ասիրին պարտադրելով վճարել 51 միլիոն լ. ոսկիի գումար մը:
Այս վճիռը Ասիր ստացաւ Պըհնինի թղթածրարին հարցով, նկատի ունենալով, որ ան մարզած էր զինեալ խմբաւորումներ, պատրաստած էր ականներ, ինչպէս նաեւ Պըհնինի կռիւներուն մասնակցած էր բանակին դէմ:
Զինեալ բախումներուն պատճառով նահատակուած էին ու վիրաւորուած բանակայիններ, ինչպէս նաեւ քանդուած էին կալուածներ:
Ասիրի դէմ այս դատավճիռը արձակուեցաւ նաեւ այն պատճառով, որ ան հսկայական գումարներով ֆինանսաւորած էր ահաբեկչական խմբաւորումներ: