Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ շնորհաւորեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը` անոնց հիմնադրութեան 76-ամեակին առիթով:
Ապպաս Իպրահիմ անդրադարձաւ երկրին մէջ տիրող իրավիճակին` զգուշացնելով դժկամութեան վիճակներէ:
Ան հաստատեց, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի այս դժուար փուլը դիմագրաւելու եւ անոր նիւթաբարոյական հետեւանքները մեղմացնելու` Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն եւ անոր տնօրէնութեան համար:
Իպրահիմ ընդգծեց, որ Լիբանան քաղաքական եւ տնտեսական, ինչպէս նաեւ ապահովական եւ զինուորական անյաղթահարելի պայմաններ կը դիմագրաւէ` պետութիւնն ու անոր հաստատութիւնները հարուածած քայքայումին եւ փլուզումին պատճառով: «Այս իրականութիւնը կ՛ենթադրէ, որ դուք մնաք պատրաստ` գործադրելու համար ձեր պարտականութիւնները, ինչպէս նաեւ կատարէք ձեր պարտականութիւնները` հայրենիքին ու ժողովուրդին նկատմամբ, ծառայելով ձեր երդումին: Ձեր ուսերուն վրայ է Լիբանանը վտանգներէ պաշտպանելու բեռը, ինչ ալ ըլլան այդ վտանգները: Հետեւաբար պէտք է ըլլաք ամուր ձեր դիրքերուն վրայ, օրէնքի գործադրութենէն չշեղիք եւ ձեզի վստահուած բոլոր աշխատանքները կատարէք ու ծառայութիւնները մատուցէք` առանց ընկրկելու: Ձեր պատասխանատուութեան նկատմամբ գիտակցութեամբ լեցուեցէ՛ք եւ ձեզ յատկանշող տեսակարար վարուելակերպին տէր կանգնեցէ՛ք», ըսաւ Իպրահիմ:
Ան ընդգծեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը քաջ կը գիտակցի Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն` հաստատելով, որ ջանք պիտի չխնայուի ամէն իմաստով ընկերային օժանդակութիւններ ապահովելու եւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու անդամներու ընտանիքներուն բժշկական ծառայութիւններ մատուցելու:
«Լիբանանի դիմագրաւած տագնապները կրնան երկարատեւ ըլլալ, հետեւաբար ձեր պարտականութիւնն է տոկալ ու գոյատեւել` պաշտպանելու համար ձեր հայրենիքն ու ժողովուրդը, որովհետեւ եթէ պետութիւնը քանդուի, ապա պիտի քանդուին բոլորն ու ամէն ինչ, առանց բացառութեան, եւ երկիրը ենթակայ պիտի ըլլայ հսկայ քաոսի եւ ցնցումներու:
Բայց լաւ իմացէ՛ք, որ ներկայ կացութիւնը ի վերջոյ պիտի վերանայ, հետեւաբար մի՛ յուսահատիք, մի՛ վախնաք եւ մի՛ դժկամիք, որովհետեւ Լիբանան հայրենիքն ու պատգամը պիտի գոյատեւեն եւ Աստուծոյ կամքով պիտի յաղթեն», եզրափակեց Ապպաս Իպրահիմ:
Այս առիթով վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ շնորհաւորեց Ապպաս Իպրահիմն ու Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը` նշելով, որ անոնք կը կրեն ծանր բեռ մը, որ իրենց ուժերէն վեր է:
Իր կարգին, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի յայտնեց, որ հակառակ Լիբանանը յուզող դժուար պայմաններուն, որ իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ նաեւ զինուորականներուն ու ապահովական կառոյցներու ուժերուն վրայ, հայրենիքին ու քաղաքացիին անվտանգութիւնը պաշտպանելը հիմնական է: