Լիբանանի Բ. ազատագրման քառամեակին առիթով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ խօսեցաւ 28 օգոստոս 2017-ին Պեքաայի արեւելեան լեռնաշղթան, ինչպէս նաեւ Պաալպեքի եւ Հերմելի բարձունքները ահաբեկիչներէ մաքրագործելու եւ այդ շրջանը ազատագրելու մասին:
«Լիբանանի Բ. ազատագրման քառամեակը կը յիշենք ուսանելի դասեր քաղելու այդ վտանգաւոր փորձառութենէն: Կը յիշեցնենք վտանգներն ու սպառնալիքները, որոնք առկայ էին, որպէսզի ապագային կարենանք դիմագրաւել նմանօրինակ վտանգներ եւ յիշատակել արձանագրուած հսկայական զոհողութիւնները», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ ՏԱՀԵՇ-ին ծրագիրն էր ամբողջ Սուրիան իր հակակշիռին տակ առնել` աւելցնելով, որ Լիբանան եւս այդ ծրագիրին մաս կը կազմէր: «Հիմնական նպատակն էր Թատմորը կապել Քալամունին. այս նպատակին յաջողելուն պարագային ճակատամարտը շատ աւելի դժուար պիտի ըլլար», ըսաւ ան:
ՏԱՀԵՇ-ը վտարելու ճակատամարտին մասնակցեցան սուրիական բանակը, Հըզպալլայի մարտիկները, շրջանի բնակիչները եւ վերջին փուլին` լիբանանեան բանակը` «Բարձունքներու արշալոյս»-ը գործողութեան ընթացքին: «Հետեւաբար ճակատամարտը զուտ լիբանանեան չէր, այլ լիբանանեան-սուրիական, իսկ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը արգիլած էր լիբանանեան պետութիւնը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռուելէ` սպառնալով կասեցնել լիբանանեան բանակին տրամադրուած օժանդակութիւնը, սակայն հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ամերիկեան ճնշումներուն դիմաց տեղի չտուաւ», հաստատեց սէյիտ Նասրալլա:
Ան նշեց, որ այդ ճակատամարտին ընթացքին բազմաթիւ նահատակներ ինկան եւ մեծ թիւով վիրաւորներ արձանագրուեցան` աւելցնելով, որ ահաբեկչութեան դէմ լիբանանեան եւ սուրիական ուժերուն մղած ճակատամարտին նեցուկ կանգնած է Իրան, իսկ անոր փոխարէն` Միացեալ Նահանգներ ՏԱՀԵՇ-ի յաւելեալ զինեալներ կը ղրկէին շրջան եւ կ՛արգիլէին լիբանանեան պետութիւնը` անոնց դէմ պայքարելէ:
«Մենք դարձեալ եռեակ կարգախօսով կրցանք յաղթանակ արձանագրել այս ճակատամարտին ընթացքին, եւ ինչպէս կը հաստատենք սիոնականներուն, որ եթէ վերադառնան մարտի դաշտ` մենք եւս պիտի վերադառնանք, նոյնը կ՛ըսենք նաեւ բոլոր ահաբեկիչներուն», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Աֆղանիստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու վարուելակերպն ու ընթացքը պէտք է ուսանելի օրինակ դառնայ բոլոր անոնց, որոնք գրաւ կը դնեն ամերիկեան քաղաքականութեան վրայ:
Անդրադառնալով Լիբանանի շրջափակուած ըլլալու իրականութիւնը հերքողներուն` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ անոնք նոյն կողմերն են, որոնք օրին հերքեցին լիբանանեան լեռնաշղթային վրայ ՏԱՀԵՇ-ի գոյութիւնը:
«Բացայայտ կերպով յստակ է այն իրականութիւնը, որ նախորդ երկու տարիներուն ընթացքին Լիբանան շրջափակումի տակ կը գտնուէր` տնտեսական կարգ մը արգելքներու շնորհիւ, որոնք երեւան կու գան «Ամերիկեան պատժամիջոցներու սպառնալիք» խորագիրին տակ: Պատժամիջոցներու «Սիզըր» օրէնքը ո՛չ միայն Սուրիոյ շրջափակման օրէնք է, այլեւ` Լիբանանի շրջափակման, եւ եթէ ամերիկեան արգելքները չըլլային, ապա Լիբանանի մէջ ելեկտրականութեան եւ կազի մարզերը վերակենդանացուած կ՛ըլլային», յայտնեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա իր խօսքը ուղղելով ամերիկացիներուն ըսաւ. «Եթէ լիբանանցիները ձեզի համար կարեւոր են, ապա զանոնք բացառեցէ՛ք ձեր պատժամիջոցներէն եւ վերջ տուէ՛ք ձեր սպառնալիքներուն»:
Ան շեշտեց, որ իրանցի իրենց եղբայրներուն հետ համաձայնած են վառելանիւթի երրորդ մը նաւ մը բեռցնել դէպի Լիբանան` իմանալով, որ տակաւին շատ աւելիին կարիքը կայ: «Եթէ Լիբանան իսկապէս նշանակութիւն ունի ամերիկեան վարչակազմին համար, ապա անոնք պէտք է բացառութիւն նկատեն զայն` իրանեան պենզինէն, մազութէն եւ կազէն օգտուելու, ինչպէս որ տարիներ շարունակ կատարուած է Աֆղանիստանի կառավարութեան պարագային», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա` աւելցնելով, որ վառելանիւթով բեռցուած նաւերուն Լիբանան ուղղուիլը կասկածի տակ առնողներուն համար քանի մը օրէն յստակ կը դառնայ իրականութիւնը, երբ առաջին նաւը Լիբանան հասնի:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց կառավարութեան կազմութեան անհրաժեշտութիւնը` ցաւ յայտնելով, որ բոլոր նահատակներուն թափած արիւնը եւ ժողովուրդին ցաւը տակաւին չեն առաջնորդած պատասխանատուները` կազմելու նոր կառավարութիւնը: «Նախարարութիւններուն եւ նախարարներուն շուրջ խորհրդակցութիւնները պէտք է վերջ գտնեն», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա:
Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին անդրադառնալով` սէյիտ Նասրալլա նկատել տուաւ, որ վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապի նկատմամբ դատախազին վարուելակերպը խիստ մերժելի է, եւ կոչ ուղղեց դատական իշխանութիւններուն միջամտելու եւ գործադրելու այն, ինչ որ երկրին կարգն ու կանոնը եւ սահմանադրութիւնը կը թելադրեն:
Ըստ սէյիտ Նասրալլայի, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին դատավարութիւնը կը փաստէ, թէ անիկա հիմնուած է կողմնակալութեան եւ քաղաքականացումի վրայ: