Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Լիբանանեան Ուղղափառ Խորհուրդի Պատուիրակութեան Հետ Քննարկեց Քաղաքական Կեանքին Մէջ Համայնքներու Իրաւունքներուն Վերաբերող Հարցեր

Օգոստոս 28, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուղղափառ խորհուրդի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ խորհուրդի նախագահ Ռոպեր Ապիատի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ ինք յանձնառու է պաշտպանելու լիբանանեան բոլոր համայնքներուն իրաւունքը` քաղաքական կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ անոնց արդար ներկայացուցչութիւնը` սահմանադրական հաստատութիւններուն մէջ:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ այս մասին անդրադարձ կը կատարուի նոր կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւններուն ընթացքին, որպէսզի նախարարաց խորհուրդը իր մէջ ընդգրկէ Լիբանանը բաղկացնող բոլոր շերտերը, յատկապէս երկրին դիմագրաւած այս դժուար պայմաններուն ընթացքին, երբ ազգային միասնականութեան ամրապնդման կարիքը կայ:

Հանդիպումին ընթացքին Ապիատ անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ ուղղափառ համայնքի դերակատարութեան` մաղթելով, որ նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ այդ համայնքին ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովուի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան տագնապալի իրադարձութիւնները, ընդգծուեցաւ անմիջական կերպով նոր կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք երկիրը արագընթաց տնտեսական զարթօնք մը պիտի ապրի` մեղմացնելու համար լիբանանցիներուն տառապանքը: Ան շեշտեց նաեւ, որ ինք յանձնառու կը մնայ փտածութեան ու մաքսանենգումին դէմ պայքարելու, ինչպէս նաեւ իրաւական հաշուեքննութիւն կատարելու:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Բ. Ազատագրման Քառամեակին Առիթով. «Իրանցի Մեր Եղբայրներուն Հետ Համաձայնեցանք Վառելանիւթի Երրորդ Նաւ Մը Բեռցնել Դէպի Լիբանան» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Յաջորդը

Միւֆթի Տըրիան Կոչ Կ՛ուղղէ Յարգելու Վարչապետի Պաշտօնը, Իսկ Միքաթի Կը Հաստատէ, Որ Իր Հրաժարականը Տակաւին Օրակարգի Վրայ Չէ

RelatedPosts

Լիբանան Այցելելով`  Լեւոն ԺԴ. Պապ. «Չկայ Խաղաղութիւն  Առանց Արդարութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանան Այցելելով` Լեւոն ԺԴ. Պապ. «Չկայ Խաղաղութիւն Առանց Արդարութեան»

Դեկտեմբեր 3, 2025
Բագրատունի. «Խաղաղութեան Պապը`  Պատգամի Երկիր Լիբանանի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Խաղաղութեան Պապը` Պատգամի Երկիր Լիբանանի Մէջ»

Դեկտեմբեր 3, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Ձեր Այցելութիւնը Օրհնեալ Թող Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Ձեր Այցելութիւնը Օրհնեալ Թող Ըլլայ»

Դեկտեմբեր 3, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?