Կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները շարունակելու իմաստով վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ հանդիպում չէր ճշդած` նշելով, որ խորհրդակցութիւնները տակաւին ընթացքի մէջ են:
Երեկոյեան Միքաթի «Հատաս» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ իր հրաժարականը տակաւին օրակարգի վրայ չէ:
Ան նկատել տուաւ, որ ինք հաստատ պիտի չբացայայտէ կառավարութեան կազմութիւնը խոչընդոտող արգելքները, որովհետեւ այդ պարտականութեան լուրջ կը վերաբերի:
Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանան կարիքը ունի փրկութեան կառավարութեան, որպէսզի երկրին փլուզումը վերջ գտնէ: «Հանրապետութեան նախագահը լաւ գիտէ, թէ ո՛ւր կը գտնուին կառավարութեան կազմութիւնը արգելակող թնճուկները: Կան լուրջ արգելքներ, զորս կը փորձեմ շրջանցել, որովհետեւ կառավարութիւն կազմելու պատասխանատուութեանս մէջ լուրջ եմ», ըսաւ ան:
Միքաթի ընդգծեց, որ նախագահ Աունի հետ հանդիպումները ընդհանրապէս դրական են, սակայն կան նաեւ ժխտական հանդիպումներ` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ ներառուած կարգ մը կողմեր կը վարուին այնպէս, կարծէք կը գտնուինք Թաէֆէն առաջ գոյութիւն ունեցող սահմանադրութեան օրերուն:
Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան միայն արաբական երկիրներու գիրկը կրնայ ըլլալ` աւելցնելով, որ ինք նախապէս հեղինակած է շրջակայքի տագնապներէն ինքզինք զերծ կացուցելու կարգախօսը, որմէ արաբները գոհ մնացած են: «Այսօր իմ դերակատարութիւնս է Լիբանանը զերծ կացուցել շրջանի հարցերէն», ըսաւ ան` նկատել տալով, որ կառավարութեան կազմութեան առումով իր ճշդած ժամկէտը կը մօտենայ իր աւարտին: «Չեմ արտօներ ինքզինքիս` կառավարութեան կազմութեան իրաւունքը երկար ժամանակի համար գրպանիս մէջ պահելու», ըսաւ ան:
Դէպի Լիբանան ուղղուող վառելանիւթի իրանեան նաւին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Միքաթի յայտնեց, որ անիկա Լիբանանի շահերուն վնաս կը հասցնէ: Ան աւելցուց, որ իրենք ոչ ոքի պիտի արտօնեն Լիբանանը նոր պատժամիջոցներու ենթարկել:
«Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապը հարցաքննելու իմաստով ոչ մէկ հարց կայ, սակայն դատախազը խորհրդարանէն պէտք է խնդրէր, որ ատիկա կատարուի Նախագահներու եւ նախարարներու դատավարութեան գերագոյն խորհուրդին ճամբով: Մենք կը պնդենք, որ իւրաքանչիւր յանցագործ պէտք է դատավարութեան ենթարկուի, իսկ նախկին վարչապետներուն հրապարակած հաղորդագրութիւնը անհատի մը պաշտպանութեան միտումով չէ կատարուած, այլ խնդիրները իրենց օրինական համակարգին մէջ զետեղելու, որովհետեւ հրաժարած վարչապետը հարցաքննութեան հրաւիրելու մեթոտը զայն իբրեւ ամբաստանեալ կը ներկայացնէ», ըսաւ Միքաթի:
Այս շրջագիծին մէջ, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ բացումը կատարեց Պէյրութի Շաթիլա շրջանի «Մոհամետ Պասաթինա» մզկիթին, ուր կատարեց նաեւ ուրբաթ օրուան նամազը` ներկայութեամբ Միքաթիի եւ Տիապի:
Այս առիթով իր արտասանած քարոզին մէջ միւֆթի Տըրիան յայտնեց, որ Տիապը թիրախ դարձնելը մերժելի է` աւելցնելով, որ վարչապետի պաշտօնին հանդէպ յարգանք պէտք է ցուցաբերուի:
«Վարչապետի պաշտօնը նուազ կարեւոր չէ, քան միւս իշխանութիւնները, իսկ երկրին մէջ տիրող այս իրարանցումին վերջ պէտք է տալ, այլապէս` մենք պիտի ուղղուինք դէպի վատագոյնը եւ դէպի համատարած քանդում», ըսաւ Տըրիան:
Ան խստիւ դատապարտեց անձնական շահերու հետապնդումը եւ կոչ ուղղեց բոլորը զրկելու իրենց անձեռնմխելիութենէն, որպէսզի արդարութիւն հաստատուի` վերջ տալով քստմնելի քինախնդրութեան:
Իր խօսքը ուղղելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին` միւֆթի Տըրիան ըսաւ. «Փորձէ՛ փրկել իշխանութեանդ մնացորդացը, այլապէս` մենք կ՛ուղղուինք դէպի վատագոյնը, դժոխքէն աւելի հեռու` դժոխքին յատակը, ինչպէս մեզի «աւետած» էիր»:
Միւս կողմէ, նախագահական պալատի տեղեկատու գրասենեակը երէկ պատասխանեց Տիապը հարցաքննութեան հրաւիրելու առումով նախկին վարչապետներուն հրապարակած հաղորդագրութեան` հաստատելով, որ նման հաղորդագրութիւն մը հրապարակելու ժամանակը կասկած կը յարուցէ` նկատի ունենալով կառավարութեան կազմութեան առումով նախագահ Աունի ի գործ դրած ճիգերը: