ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 775 վարակուածներ եւ մահացած 4 ուրիշներ:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի այցելուները հաստատեցին, որ կառավարութեան կազմութիւնը աւելի քան կարեւոր դարձած է, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին ապահովական խախտումները հակակշռել եւ քայքայումը կանխարգիլել:
ԻՐԱՆԻ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ յայտնեց, որ իրանեան նաւթի յաճախորդներուն այդ նաւթը հասցնելը Իրանի իրաւունքն է եւ ան է, որ կ՛որոշէ այդ մասին: «Այս իմաստով անթոյլատրելի է Իրանի գործերուն միջամտել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իրենք կը մերժեն լիբանանցիները իրենց իրաւունքէն զրկելու ճնշումները», շեշտեց Խաթիպզատէ:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ այսօր` երեքշաբթի, 31 օգոստոս 2021-ին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, հրաւիրած է մամլոյ ասուլիսի մը, որ տեղի պիտի ունենայ Քլեմանսոյի մէջ:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումը երէկ խորհրդարան ներկայացուց օրինագիծ մը, որ կը վերաբերի չարաշահումի ոճիրին եւ ապօրինի մրցակցութեան դէմ պայքարելու, ինչպէս նաեւ անոնց դէմ պատժամիջոցները խստացնելու:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆարիտ Հայքալ Խազեն յայտնեց, որ պահանջուածը հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունէն եւ անոր քաղաքական խմբաւորումէն յստակ նախաձեռնութիւն մըն է` քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ հարաւային Լիբանանի ամբողջ տարածքին սադրանքը տեղ չունի` աւելցնելով, որ հարաւային Լիբանանը կը մնայ լիբանանեան ազգային միասնականութեան օրինակելի տիպարը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ատնան Թրապուլսի յայտնեց, որ Լիբանան իր պատմութեան մէջ քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ ապրուստի ամէնէն ծանր ու դժուար պայմանները կը դիմագրաւէ, եւ ամբողջական քանդումի սեմին կը սպասէ նոր կառավարութեան կազմութեան:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերը շարունակեցին լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ պահուած նաւթի փնտռտուքը, որուն լոյսին տակ Լեռնալիբանանէն եւ Պեքաայէն 430.000 լիթր նաւթ գրաւեցին. անոնցմէ 370.000 լիթրը մազութ էր, իսկ 16.000-ը` պենզին: Ներքին ապահովութեան ուժերը գրաւուած այս վառելանիւթը ճշդուած պաշտօնական սակին հիման վրայ ցրուեց հիւանդանոցներուն, ալրաղացներուն, ծերանոցներուն եւ փուռերուն:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Ֆրանսա վարչապետ Նեժիպ Միքաթիէն խնդրած է համբերել եւ շարունակել կառավարութեան կազմութեան իր խորհրդակցութիւնները` յետաձգելով հրաժարելու իր որոշումը: