Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաղտուշէ-Անքուն Միջադէպերը Հակակշռելու Աշխատանքները Կը Շարունակուին

August 31, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սայտայի մէջ, յատկապէս Մաղտուշէի եւ Անքունի միջեւ անցեալ շաբաթավերջին արձանագրուած միջադէպերուն լոյսին տակ, Անտիոքի եւ Համայն Արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Եուսեֆ Ապսի պատրիարքը երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ` իմանալու համար, թէ ի՛նչ լուծումներ պիտի որդեգրուին Մաղտուշէի մէջ:

Հաղորդակցութեան ընթացքին Պըրրի Ապսի պատրիարքին հաստատեց, որ Մաղտուշէն իր երկրորդ գիւղաքաղաքն է` հաստատելով, որ ով որ Մաղտուշէն ունենայ, ամբողջ Լիբանանը կ՛ունենայ:

Եուսեֆ Ապսի պատրիարքը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ նաեւ այլ հոգեւոր հեղինակութիւններու հետ, որոնցմէ իմացաւ գետնի վրայ տիրող կացութեան մասին:

Հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն ընթացքին ընդգծուեցաւ հարցերուն իմաստուն լուծումներ գտնելու, տրամաբանական բառամթերքով խօսելու եւ փոխադարձ յարգանքը պահպանելու մշակոյթը ընդհանրացնելու կարեւորութիւնը:

Ապսի պատրիարքը եւ անոր խօսակիցները շեշտեցին Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ լիբանանեան պետութեան քայքայումը եւ ընկերային կեանքի փլուզումը յստակօրէն կ՛երեւին:

Ապսի պատրիարքը ցաւ յայտնեց, որ Մաղտուշէի մէջ պատահածը կրնայ լիբանանեան որեւէ շրջանի մէջ պատահիլ, եթէ տագնապին դրդապատճառներուն արմատական լուծում չտրուի:

Միւս կողմէ, Սայտայի եւ Տէյր Քամարի յոյն կաթողիկէ, յոյն ուղղափառ եւ մարոնի առաջնորդ եպիսկոպոսները բարձր գնահատեցին Մաղտուշէի եւ Անքունի միջեւ արձանագրուած ապահովական միջադէպերը հակակշռելու ջանքերը, յատկապէս Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսայի կողմէ:

Անոնք հաստատեցին, որ իրենք կառչած կը մնան ազգային միասնականութեան եւ համերաշխութեան, որ այլընտրանք չունի` հաստատելով, որ երկու գիւղաքաղաքներուն միջեւ արձանագրուած միջադէպը համայնքային խորք չունի:

Իր կարգին, երեսփոխան Միշել Մուսա երէկ յայտնեց, որ Մաղտուշէի արեւելեան շրջանը երէկ հանդարտ ու խաղաղ էր` լիբանանեան բանակի տեղակայումին եւ կարգ մը  յանցագործներու ձերբակալումին լոյսին տակ:

Մուսա երէկ եւս շարունակեց իր խորհրդակցութիւնները` հանդարտեցնելու համար շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը: Այս շրջագիծին մէջ ան իր բնակարանին մէջ ընդունեց Մաղտուշէի քաղաքապետ Ռայիֆ Եունանը, ինչպէս նաեւ թաղապետներ եւ կարգ մը հեղինակութիւններ, որոնց ներկայութեան շեշտեց Սայիտաթ Մանթրա գիւղաքաղաքի պատմական խառնուածքը պահպանելու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը պահպանելու իմաստով բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն դերակատարութեան բացարձակ վստահութիւն ընծայելու կարեւորութիւնը:

Ան նշեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի տուած է որոշում մը` բացայայտելու բոլոր յանցագործները եւ չծածկելու զանոնք, «եւ այս ուղղութեամբ ապահովութեան ուժերը կը գործեն», ըսաւ ան:

Միշել Մուսա հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ Նեպիհ Պըրրիէն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիէն, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայէն, Սայտայի երեսփոխաններ Պահիա Հարիրիէն, Ուսամա Սաատէն, Ալի Օսէյրանէն եւ Ալի Պեզզիէն, հոգեւորականներէ եւ այլ հեղինակութիւններէ:

 

 

Նախորդը

Պըրժ Պարաժնէի Մէջ Պայթում Մը Կը Պատճառէ Չորս Զոհեր

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Շեշտեց Տեղեկատուութեան Մարզի Կարեւորութիւնը` Երկրին Ապահովական Կայունութիւնը Պաշտպանելու Առումով

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.