Երէկ յետմիջօրէին Պէյրութի հարաւային արուարձաններու Պըրժ Պարաժնէ թաղամասին մէջ արձանագրուեցաւ պայթում մը` մետաղեայ տակառներու «Շամի» գործարանին մէջ:
Պայթումը պատճառեց չորս զոհեր:
Պայթումին վայրը փութացին լիբանանեան բանակն ու բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը եւ շրջափակեցին զայն:
Պըրժ Պարաժնէի քաղաքապետ Աթեֆ Մանսուր յայտնեց, որ պայթումին պատճառներուն մասին յստակ տեղեկութիւններ չկան` աւելցնելով, որ ապահովութեան ուժերը շրջափակած են շրջանը: