Խոստանալով Կրթական Հարցերու Քննարկման Արտակարգ Համագումար Կայացնել` Նախագահ Աուն Ընդունեց Կրթական Հաստատութիւններու Մէկ Պատուիրակութիւնը
Նախագահ Միշել Աուն երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց կրթական հաստատութիւններու մէկ պատուիրակութիւնը: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան վերամուտի սեմին կրթական մարզի դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն վրայ` տարրական նիւթերու եւ անհրաժեշտ ֆինանսաւորումի բացակայութեան լոյսին տակ: Այս առիթով պատուիրակութիւնը նախագահ Աունին յանձնեց կրթական մարզին շուրջ յատուկ ուսումնասիրութիւն մը, ուր հանգամանօրէն կը ներկայացուին այս մարզին դիմագրաւած դժուարութիւնները: Ըստ նշեալ ուսումնասիրութեան, ուսման տարեկան միջին թոշակը...




















