ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1040 վարակուածներ եւ մահացած 5 ուրիշներ:
ԱԼՐԱՂԱՑՆԵՐՈՒ համախմբումը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Լիբանանի ալրաղացները աշխատանքը կրնան որեւէ ատեն կասեցնել` տրուած ըլլալով, որ իրենց մօտ գտնուող մազութի պահեստը աւարտած է: Անոնք հաստատեցին, որ աշխատանքի ակամայ դադրեցումը կրնայ երկրին մէջ ալիւրի տագնապ պատճառել:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան իմաստով գնդակը կը գտնուի վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի դաշտին վրայ` աւելցնելով, որ ինք կը նախատեսէ, թէ հանրապետութեան նախագահին հետ անոր 14-րդ հանդիպումը պիտի ըլլայ վերջինը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կը պնդէ 10 նախարար ունենալու վրայ` գիտնալով հանդերձ, որ իր փեսան` Հզօր Լիբանան համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նոր կազմուելիք կառավարութեան վստահութեան քուէ պիտի չշնորհէ:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ կոչ ուղղեց կազմելու կառավարութիւն մը, որ լիբանանցիներուն ձգտումները կրնայ իրականացնել եւ անոնց ցաւերը ամոքել: Ան հաստատեց, որ իրենք պիտի շարունակեն պայքարիլ, մինչեւ որ բարեկարգումի արշալոյսը ծագի:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ Հըզպալլայի կողմէ իրանեան նաւթ ներածելու քայլը կը միտի ժողովուրդին տառապանքը մեղմացնել եւ շրջափակումի ու չարաշահումի շղթան քանդել:


