Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյիտ Նասրալլա. «Իրանեան Նաւթը Հինգշաբթի Օր Պիտի Փոխադրուի Պէյրութ, Եւ Չենք Փափաքիր Անկէ Շահեր Իրականացնել»

September 14, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ ողջունեց Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակցեցան այդ նուաճումը իրագործելու մէջ:

Ան նշեց, որ նորակազմ կառավարութեան առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ Լիբանանը փլուզումէն փրկել, բարեկարգումներ գործադրել, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին ապրուստը ապահովել:

Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին մշակելու աշխատանքային ծրագիրը, որպէսզի կառավարութեան վստահութեան քուէ ապահովուի եւ երկիրը իր տագնապներէն դուրս բերուի:

Սէյիտ Նասրալլա զօրակցութիւն յայտնեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախապատրաստուելու` հաստատելով, որ իրենք համաձայն են, որ ընտրութիւնները կայանան ճշդուած թուականին: Ան հաստատեց, որ բոլորէն կը խնդրուի համագործակցիլ եւ կառավարութեան առիթ տալ` նախքան անոր դէմ վճիռ արձակելը:

Այս շրջագիծին մէջ ան շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Հասսան Տիապին`  անոր համբերութեան եւ պատասխանատուութիւն ստանձնելուն համար, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց նախկին նախարարներուն` անոնց տարած աշխատանքին համար:

Անդրադառնալով Լիբանանի համար նաւթ փոխադրող իրանեան նաւուն` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ առաջին նաւը անցեալ կիրակի օր հասած է Պանիաս, եւ անոր բերած նաւթը հինգշաբթի օր պիտի փոխադրուի Պէյրութ` աւելցնելով, որ իրենք չեն փափաքիր անկէ շահեր իրականացնել:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ իրանեան նաւթ բերելու խոստումը իրականացած է, եւ Իրանի նաւերը ռմբակոծումի թիրախ դարձնելու փափաքները յօդս ցնդած են:

Ան յոյս յայտնեց նաեւ, որ մնացեալ նաւերը ապահով հասնին` նկատել տալով, որ այս իմաստով ամերիկեան գրաւը եւս ձախողած է, որովհետեւ այդ գրաւը կը միտէր Հըզպալլայի եւ լիբանանեան պետութեան միջեւ սեպ խրել, սակայն ձախողած է նման բան իրականացնելէ:

Սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ երկրորդ եւ երրորդ նաւերը արդէն իսկ նաւարկած են, իսկ չորրորդը նաւարկելու պատրաստ է: «Յաւելեալ քանակով նաւթ ներածելու որոշումը կախեալ է կառավարութեան կատարելիք աշխատանքէն», յայտնեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ Պանիաս հասած իրանեան նաւը մազութ փոխադրած է, եւ վերջինս պիտի հասնի բոլոր լիբանանցիներուն, որովհետեւ մեր նպատակը շահեր ապահովել չէ, ո՛չ ալ առեւտուր կամ մրցակցութիւն կատարել:

Ան հաստատեց, որ սկսելու համար մազութը իբրեւ նուէր պիտի յանձնուի բոլոր կառավարական հիւանդանոցներուն, ծերանոցներուն, որբանոցներուն եւ յատուկ խնամքի կարօտ երեխաներու կեդրոններուն, իսկ մնացեալ մազութը պիտի վաճառուի լիբանանեան դրամանիշով եւ շուկային սակէն աւելի նուազ սակով, որ աւելի ուշ պիտի յայտարարուի:

Հատուցման քարտին մասին սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ անիկա կը միտի ժողովուրդին տառապանքը մեղմացնել, միաժամանակ մտավախութիւն յայտնելով, որ անիկա կրնայ աւազակութեան, փտածութեան եւ քաղաքականացման նոր դռներ բանալ:

Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն յանձնառու մնալու հատուցման քարտի դրութենէն օգտուելու չափանիշներուն:

Սէյիտ Նասրալլա իր խօսքը ուղղելով ամերիկացիներուն յայտնեց, որ ինչպէս անոնց բոլոր յուսախաբութիւնները եւ դաւադրութիւններուն ձախողութիւնը, անոնք դարձեալ յուսախաբ դուրս պիտի գան, եւ ոսկեայ տարազը կրկին պիտի յաղթէ:

Նախորդը

Լիբանանի Կիներու Ազգային Խորհուրդը Յուսախաբութիւն Յայտնեց Կառավարութեան Կազմին Մէջ Կին Ներկայացուցիչները Նկատի Չունենալէն

Յաջորդը

Ճորճ Պուչիքեան. «Ժամանակն Է Աշխատանքի Եւ Ներկայ Կացութենէն Դուրս Գալու, Եւ Ոչ Թէ Քաղաքական Տարակարծութիւնները Շարունակելու»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.