Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Նախարարութիւնը Յանձնեց

Սեպտեմբեր 17, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ նախարարութիւնը յանձնեց նոր նշանակուած նախարար Ժորժ Քալլասի:

Այս առիթով Վ. Օհանեան-Գէորգեան հաստատեց, որ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան, ինչպէս նաեւ սկաուտական մարզին մէջ իրագործումներ արձանագրելու երազներն ու յոյսերը շատ աւելի մեծ էին, սակայն նախարարութեան փոքր անձնակազմով կարելի եղաւ առաւելագոյն չափով աշխատիլ` զանազան տարաչափութեամբ տագնապներու ընթացքին, որոնք նախարարութեան շարժումներն ու ձգտումները սահմանափակեցին:

«Սակայն հակառակ այս բոլոր պայմաններուն, նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ դրաւ իր կառոյցը վերակազմաւորելու` արդիական հիմքերու համապատասխան, երիտասարդներու քաղաքականացման գործնականացման ծրագիրը մշակեց, Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէն ընտրեց, ինչպէս նաեւ Լիբանանը անդամ դարձուց խթանիչներու դէմ պայքարի միջազգային համաձայնագիրին: Այս բոլորէն բացի նախարարութիւնը յաջողեցաւ «Պէյրութը արաբական երիտասարդութեան մայրաքաղաք» յայտարարելու նոր թուական ապահովել, ինչպէս նաեւ մեկնարկը կատարեց լիբանանցի երիտասարդներու խորհրդարանին», ըսաւ ան:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան ընդգծեց, որ հակառակ «Քորոնա»-ի համաճարակին, նախարարութիւնը բոլոր նախազգուշութիւնները յարգելու կողքին կրցաւ պատուաստ ապահովել մարզիկներուն եւ մարզադաշտերուն կեանքը վերադարձնել:

«Այսօր` նախարարի պաշտօնս աւարտելէ ետք, կառչած կը մնամ իւրաքանչիւր մարզի պարագային հաշուետուութեան ենթարկելու իմ կեցուածքներուս, որոնց շրջագիծին մէջ պէտք է սկսիլ իրաւական հաշուեքննութեան, իւրացուած եւ դուրս փոխանցուած գումարներու վերադարձին, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը իր աւարտին հասցնելու, որպէսզի նահատակներուն թափած արիւնը յումպէտս թափած չըլլայ, ինչպէս նաեւ մշակելու այնպիսի օրէնքներ, որոնք կը կասեցնեն չարաշահումը եւ կը նպաստեն պայքարելու փտածութեան դէմ», ըսաւ ան:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան կոչ ուղղեց նորակազմ կառավարութեան երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընծայելու այն պիւտճէն, որուն արժանի է, որպէսզի կարելի ըլլայ նախարարութեան պարտականութիւնները կատարել եւ անոր մաս կազմող բաժանմունքներուն օժանդակել:

Ան կոչ ուղղեց նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ բարեկամ կառավարութիւններուն զօրակցելու Լիբանանի մարզիկներուն եւ երիտասարդներուն զօրակցող ծրագիրներուն` կասեցնելու համար արագ թափով ընթացող արտագաղթը:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարութեան պատասխանատուներուն եւ ամբողջ անձնակազմին, որոնք դժուար պայմանները անտեսելով մեծ ջանքերով գործեցին:

«Հաւատալով, որ իշխանութիւնը շարունակականութիւն է, նախարար Քալլասի կը յանձնեմ նախարարութեան պատրաստած բոլոր թղթածրարները, որոնք իրենց վերջնական վիճակին հասած են եւ կառավարութեան ներկայացուելու պատրաստ են», ըսաւ Վ. Օհանեան-Գէորգեան` յաջողութիւն մաղթելով նախարար Քալլասին:

Քալլաս իր կարգին խոստացաւ նախարարութեան անձնակազմին հետ հեզասահ գործակցութիւն ունենալ եւ պատրաստուած թղթածրարները ներկայացնել կառավարութեան:

«Դուք ներկայ էք նախարարութեան եւ անոր հետ գործող անձնակազմին խղճին մէջ: Ձեր ջանքերը խօսուն են, իսկ նուաճումները կը վկայեն», ըսաւ Քալլաս` իր խօսքը ուղղելով Վ. Օհանեան-Գէորգեանի:

Նախարար Պուչիքեան Այցելեց
Վ. Օհանեան–Գէորգեանի

Նշենք, որ նախքան յանձնումի եւ ստանձնումի արարողութիւնը, ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան այցելեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւն, ուր ան Վ. Օհանեան-Գէորգեանը շնորհաւորեց` իր նախարարութեան ընթացքին կատարած բոլոր աշխատանքներուն եւ իրագործումներուն համար, յատկապէս նկատի ունենալով կառավարութեան կարճաժամկէտ գործունէութիւնն ու երկրին մէջ տիրող դժուար կացութիւնը:

Այս առիթով Վ. Օհանեան-Գէորգեան յայտնեց, որ երիտասարդութեան, մարզիկներուն եւ ընկերութեան նկատմամբ պարտականութիւնը մեծ ճիգ կ՛ենթադրէ, սակայն նախորդ փուլին երկրին մէջ տիրած կացութիւնը, կառավարութեան հրաժարականը, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը, «Քորոնա» ժահրին ունեցած հետեւանքներն ու տնտեսական ծանր ու տագնապալի պայմանները ստիպեցին ձեռնարկել տարբեր քայլերու եւ լուծումներու:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան իր կարգին շնորհաւորեց Ճ. Պուչիքեանը ճարտարարուեստի նախարար նշանակուելուն առիթով` ընդգծելով, որ ան ճիշդ պաշտօնին համար ատակ անձնաւորութիւնն է:

Ան յաջողութիւն մաղթեց նախարարին` Լիբանանին ծառայելու իր պարտականութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Նախարարութիւններու Ստանձնումի Հոլովոյթը Հասաւ Իր Աւարտին

Յաջորդը

Վարչապետարանին Մէջ. «ՄԱԿ Կը Շարունակէ Լիբանանին Զօրակցիլ` Բոլոր Մարզերուն Մէջ» Շեշտեց Վրոնեցքա

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?