Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետարանին Մէջ. «ՄԱԿ Կը Շարունակէ Լիբանանին Զօրակցիլ` Բոլոր Մարզերուն Մէջ» Շեշտեց Վրոնեցքա

Սեպտեմբեր 17, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Վրոնեցքա յայտնեց, որ Միքաթիի հետ քննարկած է Լիբանանի եւ ՄԱԿ-ի միջեւ գործակցութեան առաջնահերթութիւնը` ընդգծելով երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու եւ տնտեսական ու ելեւմտական բարեկարգումներ գործադրելու անհրաժեշտութիւնը:

«Հանդիպումին ընթացքին իմացայ նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ապագայ տեսլականին մասին, եւ մեզի համար կարեւոր է, որ Լիբանան յաջողի եւ բարգաւաճի, բայց եւ այնպէս անհրաժեշտ է առնել այնպիսի քայլեր, որոնց շնորհիւ լիբանանցի քաղաքացիներուն կարիքները կարելի կը դառնայ հոգալ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ելեկտրականութեան մարզը բարեկարգումներու կարիք ունի, ինչպէս նաեւ պէտք է բանակցութիւններու սկսիլ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ, որովհետեւ անիկա Լիբանանի ապագային համար աւելի լաւ քայլ մը պիտի ըլլայ:

Վրոնեցքա հաստատեց, որ ՄԱԿ կը շարունակէ Լիբանանին զօրակցիլ բոլոր մարզերուն մէջ, յատկապէս երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու առումով:

Միքաթիի այցելեց նաեւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն Թետրոս Ատհանոմ Կեպրեյէսուսը` ներկայութեամբ առողջապահութեան նախարար Ֆիրաս Ապիատի:

Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի յայտնեց, որ Լիբանան բարձր կը գնահատէ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան զօրակցութիւնը, յատկապէս երկրին դիմագրաւած ներկայ պայմաններուն ընթացքին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի առողջապահութեան մարզը միշտ քաջալերելու ուղղուածութիւնը:

Միքաթի յայտնեց, որ առողջապահութեան մարզը այս փուլին դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ «Քորոնա»-ի համաճարակին, տնտեսական ու ելեւմտական տագնապին, ինչպէս նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով` աւելցնելով, որ առողջապահութեան մարզին դիմագրաւած հարցերէն է նաեւ լիբանանցի բժիշկներուն եւ հիւանդապահներուն արտագաղթը, ինչպէս նաեւ դեղորայքի եւ բուժման ծառայութիւններու տագնապը:

Վարչապետ Միքաթի կոչ ուղղեց Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ամրապնդելու լիբանանեան առողջապահական մարզի իրավիճակը, յատկապէս` կառավարական հիւանդանոցներուն կացութիւնը, իսկական  համագործակցութեան շրջագիծին մէջ:

Կեպրեյէսուս շնորհաւորեց վարչապետ Միքաթին` նոր կառավարութեան կազմութեան առիթով, եւ աւելցուց, որ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը պատրաստ է իր բոլոր կարելիութիւնները զետեղելու` Լիբանանի օժանդակութեան ի խնդիր:

Ան հաստատեց, որ ինք միջազգային ուժերուն հետ հաղորդակցութիւններ պիտի ունենայ` Լիբանանի կարիքները ապահովելու համար, նկատի ունենալով երկրին դիմագրաւած այս դժուար փուլը:

Կեպրեյէսուս հաստատեց, որ հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապալի պայմաններուն, «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարելու իմաստով երկիրը ողջունելի աշխատանք տարած է, ինչպէս նաեւ պատուաստումի առումով Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան յանձնարարականը գործադրած:

Միքաթիի այցելեցին նաեւ Խորհրդակցական հանդիպում եւ Հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքներու պատուիրակութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ալի Պարըշ Ուլուսոյը:

 

Նախորդը

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Նախարարութիւնը Յանձնեց

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Իր Աշխատանքային Ծրագիրը Եւ Զայն Փոխանցեց Խորհրդարան

RelatedPosts

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ  Լայնածաւալ Ռազմափորձեր
Լիբանանեան

Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?