Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Նշանակուած Նախարարները Շարունակեցին Ստանձնել Իրենց Նախարարութիւնները

September 16, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախարարութիւններուն միջեւ յանձնումի եւ ստանձնումի հոլովոյթը շարունակուեցաւ նաեւ երէկ: Կը նախատեսուի, որ մինչեւ շաբաթավերջ նոր նշանակուած բոլոր նախարարները ստանձնած ըլլան իրենց նախարարութիւնները: 

Տեղեկատուութեան Նախարարութիւն

Տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահի երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ պատասխանատուութիւնը ստանձնեց նախկին նախարար Մանալ Ապտել Սամատէն, որ յայտնեց, թէ տեղեկատուութեան նախարարութիւնը 41 ծրագիր իրագործած է:

Ան անդրադարձաւ այդ ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ ներկայացուց նախարարութեան նուաճումները:

Իր կարգին, Քըրտահի յայտնեց, որ ինք կը զգայ լրագրողներուն տառապանքը` մաղթելով, որ ինք կարենայ նոր ծրագիրներ իրականացնել տեղեկատուութեան մարզին եւ լրագրողներուն համար:

Ան աւելցուց, որ ինք պիտի ուսումնասիրէ Ապտել Սամատի մշակած ծրագիրները եւ շարունակէ անոնց գործադրութիւնը:

Արդարութեան Նախարարութիւն

Արդարութեան նախարար Հանրի Խուրի երէկ ստանձնեց նախարարութեան պատասխանատուութիւնը նախկին նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմէն:

Յանձնումի եւ ստանձնումի պաշտօնական արարողութեան ընթացքին Նաժըմ յայտնեց, որ Լիբանանի բոլոր հարցերուն լուծումը կարելի է ապահովել` քաղաքացիական պետութեան հիմնումով:

Իր կարգին, Խուրի մաղթեց, որ ինք իր պարտականութիւնը կատարէ պէտք եղած ձեւով` ծառայելու համար հայրենիքին ու ժողովուրդին:

Հաղորդակցութեան Միջոցներու Նախարարութիւն

Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Ճոնի Քըրըմ երէկ նախկին նախարար Թալալ Հաուաթէն ստանձնեց նախարարութեան պատասխանատուութիւնը:

Այս առիթով Հաուաթ մաղթեց, որ ան  պահպանէ ոսկիի հանք նկատուող հաղորդակցութեան միջոցներու մարզը, որպէսզի անոր ապահոված շահերն ու ծառայութիւնները ըլլան լիբանանցի ժողովուրդի շահերուն համաձայն, հեռու` ամէն տեսակի բաժնեկցութենէ:

Աշխատանքի Նախարարութիւն

Աշխատանքի նախարար Մուսթաֆա Պայրամ երէկ նախարարութիւնը ստանձնեց նախկին նախարար Լամիա Եամմինէն, որ հաստատեց, որ իրենք աշխատանքի նախարարութեան մէջ գործած են բացարձակ թափանցիկութեամբ` հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն:

Իր կարգին, Պայրամ հաստատեց, որ ինք կը փափաքի նախարարութեան անձնակազմին հետ մէկ խումբի նման եւ բոլոր լիբանանցիներուն համար գործել:

Առողջապահութեան Նախարարութիւն

Առողջապահութեան նախարար Ֆիրաս Ապիատ նախարարութիւնը ստանձնեց նախկին նախարար Համատ Հասանէն, որ յայտնեց, թէ ինք առողջապահութեան նախարարութիւնը ներկայացուցած է իբրեւ օրինակ` քաղաքացիին վստահութիւնը վերահաստատելու:

Ան նշեց, որ առողջապահութեան նախարարութեան գործունէութիւնը միջազգային դրուատիքի արժանացած է:

Ապիատ իր կարգին հաստատեց, որ իրենց նպատակն ու առաջնահերթութիւնը ժողովուրդին ծառայութիւնն է եւ անոր շահերուն իրագործումը:

Երկրագործութեան Նախարարութիւն

Երկրագործութեան նախարար Ապպաս Հաժ Հասան նախարարութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնեց նախկին նախարար Ապպաս Մուրթատայէն, որ յաջողութիւն մաղթեց նոր նշանակուած նախարարին:

Հաժ Հասան յայտնեց, որ երկրագործութեան որեւէ շտապ ծրագիր կարիքը ունի բոլորին ջանքերուն, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել երկրագործութեան մարզին վերաշխուժացումը:

Կենսոլորտի Նախարարութիւն

Կենսոլորտի նախարար Նասեր Եասին երէկ նախարարութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնեց նախկին նախարար Տըմիանոս Քաթթարէն:

Եասին յայտնեց, որ իրենք պիտի գործեն այնպիսի ռազմավարութեամբ մը, որ բարգաւաճումը ամբողջական ու հետեւողական ըլլայ բոլոր շրջաններուն համար:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Կառավարութեան Կազմութենէն Ետք Մենք Կը Գտնուինք Տնտեսական Աշխատանիստի Մը Դիմաց, Եւ Անիկա Մեզի Համար Կարեւորագոյնն Է»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.