Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Տել Քոլի Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Իրավիճակը

September 14, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլը, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի իրավիճակը:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն գնահատեց լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը` պահպանելու համար հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Նախագահ Աուն դրուատեց միջազգային խաղաղապահ ուժերուն ճիգերը` սահմանային լարուածութիւնը մեղմացնելու առումով, ինչպէս պատահած էր լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ իսրայէլեան ուժերուն գործած վերջին ոտնձգութիւններուն ընթացքին:

Նախագահ Աուն վերահաստատեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան, եւ պահանջեց ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ, որ իր կարգին գործադրէ այդ բանաձեւը:

Հանրապետութեան նախագահը ողջունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն պաշտօնավարութեան միամեայ երկարաձգումը` հարաւային Լիբանանի մէջ ծառայելու համար զինուորներու նոյն քանակով եւ առանց իրաւասութիւններու փոփոխութեան, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ին կողմէ լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք գումակային օժանդակութիւններով եւ ամէնօրեայ դրութեամբ նորոգութիւններուն նպաստելով:

Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց  Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ վեց ամսուան համար լիբանանեան բանակին վառելանիւթ, սննդեղէն, դեղորայք եւ գումակային օժանդակութիւն տրամադրելու որոշումին առնչութեամբ`  հաստատելով, որ բանակն ու ապահովութեան ուժերը կարիքը ունին միջազգային ընտանիքին օժանդակութեան:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի դէմ որեւէ յարձակում մերժելի է` աւելցնելով, որ որեւէ հարց պէտք է լուծուի բանակին հետ համադրաբար:

Նշենք, որ զօր. Տել Քոլ այցելեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

 

 

Նախորդը

Լիբանան Մէկ Միլիառ Եւ 135 Միլիոն Տոլար Պիտի Ստանայ Միջազգային Դրամական Ֆոնտէն

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Գումարեց Իր Անդրանիկ Նիստը Եւ Սկսաւ Մշակել Իր Աշխատանքային Ծրագիրը

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.