Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 14, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 484 վարակուածներ եւ մահացած 10 ուրիշներ:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ յայտարարեց, որ մարոնի եկեղեցին պաշտօնապէս վերադարձած է հաղորդութիւնը ուղղակի բերնէն տալու սկզբունքին` պահպանելու համար հինէն եկած այդ աւանդութիւնը:

ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան շնորհաւորեց նորակազմ կառավարութիւնը եւ մաղթեց, որ անիկա հիմնական բարեկարգումներու գործադրութեան եւ տագնապներու լուծման սկսի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը նախանցեալ երեկոյեան Մթըլլէի մէջ ձերբակալեց սուրիացի քաղաքացի մը, որ փորձած էր Լիբանանէն ապօրինի կերպով դէպի բռնագրաւուած Պաղեստին անցնիլ եւ ենթարկուած էր իսրայէլեան ուժերու զգուշացման կրակոցներուն:

ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական գրասենեակը շեշտեց, որ ինք կառավարութեան կազմութիւնը դրական եւ լաւատեսական կը գնահատէ` Լիբանանի փլուզումը կասեցնելու, ինչպէս նաեւ բարեկարգումի ծրագիրը գործադրելու առումով:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ գերագոյն խորհուրդի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատախազ Թարեք Պիթար երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին սկսաւ հարցաքննել բանակի նախկին հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ կառավարութիւնը պէտք է անմիջապէս անցնի իր աշխատանքային ծրագիրի մշակումին` վերջ տալ կարենալու համար լիբանանցիներուն դիմագրաւած կենցաղային, ապրուստի, ընկերային եւ տնտեսական տագնապներուն:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը շաբաթավերջին գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին հաստատուեցաւ, որ իրենք ազգային իրենց պարտականութիւնը կատարած են` դիւրացնելու համար կառավարութեան ծնունդը` աւելցնելով, որ իրենք կը սպասեն կառավարութեան անդրանիկ յայտարարութեան` ճշդելու համար խորհրդարանին մէջ անոր վստահութեան քուէ շնորհելու կեցուածքը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ նոր կառավարութեան մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի պատկանող նախարարները նշանակուեցան Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի ընտրութեամբ:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, ֆրանսական նախաձեռնութիւնը պիտի հետապնդէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութիւնը` անոր հարց տալու համար բարեկարգումներուն գործադրութեան հաւանականութեան եւ ճակատագիրին մասին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ուալիտ Պաարինի նոր կառավարութեան յաջողութիւն մաղթեց, ինչպէս նաեւ յոյս յայտնեց, որ նորակազմ կառավարութիւնը կը սկսի գործադրել պահանջուած բարեկարգումները:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Փիեռ Պու Ասի յայտնեց, որ լիբանանցիները 13 ամիս շարունակ սպասել տուող քաղաքական ուժին նպատակը անկարելի է, որ երկիրը տագնապէն դուրս բերելու նպատակ ըլլայ:

ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմել համախմբումը անհրաժեշտ նկատեց որդեգրուելիք բարեկարգումներու արագ գործադրութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ տնտեսութեան անիւը դարձեալ դէպի առաջ շարժել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա հաստատեց, որ կառավարութիւնը պէտք է գործադրէ բարեկարգումները եւ յանձնառու մնայ հատուցման քարտը գործադրութեան դնելու պայմաններուն:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար յայտնեց, որ կառավարութիւնը պէտք է աշխատանքի սկսի եւ երկաթեայ բազուկով հարուածէ չարաշահողները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Նազիհ Նաժըմ յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի պարտականութիւնը դժուար է, եւ անոր կառավարութիւնը կազմուած է Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Իրանի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններով: Նաժըմ շեշտեց, որ կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդի դրութիւն գոյութիւն չունի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութիւնը նախկիններէն աւելի լաւ չէ` աւելցնելով, որ անոր կառավարութենէն նոյն արդիւնքները ակնկալուած են, ինչպէս նախորդ կառավարութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ Հըզպալլա արտօնած է նոր կառավարութեան կազմութիւնը` Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի միջեւ գոյացած համաձայնութեան մը լոյսին տակ: Սինիորա աւելցուց, որ ինք կը կասկածի, թէ Հըզպալլա կը փափաքի Լիբանանը իր տագնապներէն դուրս բերել:

 

 

 

Նախորդը

Տեսակէտ. «Մարդը, Որ Արարատը Չունի Իր Հոգիին Խորը»

Յաջորդը

Լիբանանի Կիներու Ազգային Խորհուրդը Յուսախաբութիւն Յայտնեց Կառավարութեան Կազմին Մէջ Կին Ներկայացուցիչները Նկատի Չունենալէն

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.