Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Կառավարութեան Կազմութենէն Ետք Մենք Կը Գտնուինք Տնտեսական Աշխատանիստի Մը Դիմաց, Եւ Անիկա Մեզի Համար Կարեւորագոյնն Է»

September 16, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին տնտեսական կացութիւնը, ապրուստի տիրող տագնապալի վիճակն ու այդ իրավիճակէն դուրս գալու միջոցները:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ իրենք երկրին ամբողջական փլուզման մտավախութիւնը չունին` աւելցնելով, որ այս փուլին իրենք կը մղեն անդունդէն դուրս գալու պայքարը եւ յոյսով են, որ այդ իմաստով պիտի յաջողին:

«Ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք` իրականացնելու համար այս նպատակը, որ հիմնական է երկիրը իր բնականոն վիճակին վերադարձնելու համար», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն մաղթեց, որ մօտիկ ապագային կառավարութիւնը խորհրդակցութիւններու սկսի Միջազգային դրամական ֆոնտին եւ Միջազգային դրամատան հետ` ֆինանսաւորում ապահովելու համար:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանանին օժանդակելու միջազգային կամք գոյութիւն ունի:

«Կառավարութեան կազմութենէն ետք մենք կը գտնուինք տնտեսական աշխատանիստի մը դիմաց, եւ անիկա մեզի համար կարեւորագոյնն է», ընդգծեց նախագահ Աուն:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Դրամատուներու միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյրը: Քննարկուեցաւ դրամատնային մարզին իրավիճակը, ինչպէս նաեւ դրամատուներուն դերակատարութիւնը` լիբանանեան տնտեսութեան վերակազմաւորման մէջ:

Հանդիպումէն ետք Սֆէյր յայտնեց, որ Դրամատուներու միութիւնը հանգստութիւն յայտնեց կառավարութեան կազմութեան առիթով: Ան նաեւ ընդգծեց, որ դրամատուները պատրաստ են մասնակցելու այն քայլերուն, որոնք կը միտին Լիբանանի տնտեսութիւնը վերակենդանացնել:

Նախորդը

Նոր Նշանակուած Նախարարները Շարունակեցին Ստանձնել Իրենց Նախարարութիւնները

Յաջորդը

Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրը Պատրաստ Է Եւ Այսօր Պիտի Քննարկուի

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.