Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարարութիւններու Ստանձնումի Հոլովոյթը Հասաւ Իր Աւարտին

September 17, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախարարութիւններուն միջեւ յանձնումի եւ ստանձնումի հոլովոյթը երէկ հասաւ իր աւարտին, երբ մշակոյթի, վարչական բարեկարգումի եւ ընկերային հարցերու նախարարները պաշտօնապէս ստանձնեցին իրենց պատասխանատուութիւնը:

Մշակոյթի Նախարարութիւն

Մշակոյթի նախարար Մոհամետ Մուրթատա երէկ ստանձնեց իր նախարարութիւնը նախկին նախարար Ապպաս Մուրթատայէն, որ յայտնեց, թէ «Քորոնա»-ի համաճարակը պատճառ դարձած է, որ մշակութային մարզը պէտք եղած աշխուժութեամբ չշարունակէ իր աշխատանքը:

Իր կարգին, Մոհամետ Մուրթատա ընդգծեց, որ նախարարութեան աշխատանքները բարելաւելու իմաստով ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ:

Նոր նշանակուած եւ նախկին նախարարները ընդգծեցին մշակոյթի մարզի ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը:

Վարչական Բարեկարգումի Պետական Նախարարութիւն

Վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Նաժլա Ռիաշի երէկ նախարարութիւնը ստանձնեց նախկին նախարար Տըմիանոս Քաթթարէն, որ յայտնեց, որ պետական մարզի վարչական աշխատանքները խիստ կարիքը ունին օժանդակութեան եւ բարեկարգումի:

Միւս կողմէ, Ռիաշի հաստատեց, որ բարեկարգումը հետեւողական աշխատանքի արդիւնք է:

Ընկերային Հարցերու Նախարարութիւն

Ընկերային հարցերու նախարար Հեքթոր Հաժժար երէկ նախարարութիւնը ստանձնեց նախկին նախարար Ռամզի Մշարրաֆիէէն, որ յայտնեց, թէ ինք ամէն ջանք ի գործ դրած է երկրին մէջ ընկերային ապահովութեան ցանցի հիմեր զետեղելու:

Իր կարգին, Հաժժար հաստատեց, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ հատուցման քարտի դրութիւնը գործադրելու:

 

Նախորդը

Իրանեան Մազութը Եւ Իրաքեան Ֆիուլ Օյլը Հասան Լիբանան

Յաջորդը

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Նախարարութիւնը Յանձնեց

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.