Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1319 վարակուածներ եւ մահացած 8 ուրիշներ: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 24.725 լ. ոսկիի սահմանը: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը զգուշացուց երեսփոխանական ընտրութիւնները անտրամաբանական պատճառաբանութիւններով յետաձգելէ: Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ խստիւ մերժելի է կառավարութիւնը այս կամ այն քաղաքական...

Միջազգային Զօրակցութիւնը Անբաւարար Է  Լուծելու Լիբանանի Դիմագրաւած Տագնապները

Միջազգային Զօրակցութիւնը Անբաւարար Է Լուծելու Լիբանանի Դիմագրաւած Տագնապները

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ նախանցեալ օր Լիբանանի հարցերը քննարկած եւ լիբանանեան տագնապներուն լուծման անհրաժեշտութիւնը շեշտած Ֆրանչիսկոս պապը երէկ Վատիկանի մէջ ընդունեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը, որուն հետ դարձեալ քննարկեց Լիբանանի հարցն ու Փարիզի յանձնառութիւնները` Լիբանանի, Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ: Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի յատուկ ներկայացուցիչ Միխայէլ Պոկտանով ընդունեց...

«Կառավարութիւնը Յանձնառու Է Գործադրելու Բարեկարգումները, Իսկ Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Նաւթային Իր Բնական Հարստութեան»    Շեշտեց Նախագահ Աուն

Նախագահ Աուն Շնորհաւորագիր Մը Ստացաւ Ֆրանչիսկոս Պապէն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շնորհաւորական հեռագիր մը ստացաւ Ֆրանչիսկոս պապէն` Լիբանանի անկախութեան 78-ամեակին առիթով: Պապը իր հեռագիրով վերահաստատեց Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն նկատմամբ իր կապուածութիւնը: Պապը բարձր գնահատեց Միջին Արեւելքի մէջ Մայրիներու երկրին ունեցած իւրայատուկ դերակատարութիւնն ու կարողութիւնը` շրջանցելու համայնքային պատկանելիութիւնը եւ որդեգրելու ազգային միացեալ մօտեցում: Պապը իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց Լիբանանին` շեշտելով, որ ինք կը զօրակցի նախագահ Աունի դժուար...

Սէյիտ Նասրալլա. «Լիբանանցիներուն  Պատասխանատուութիւնն Է Պահպանել  Երկրին Անկախութիւնը»

Սէյիտ Նասրալլա. «Լիբանանցիներուն Պատասխանատուութիւնն Է Պահպանել Երկրին Անկախութիւնը»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ լիբանանեան իրադարձութիւններուն: Ան շնորհաւորեց լիբանանցիները անկախութեան 78-ամեակին առիթով եւ հաստատեց, որ լիբանանցիներուն պատասխանատուութիւնն է պահպանել երկրին անկախութիւնը: «Իսկ եթէ անկախութիւնը ձեւական է, ապա զայն պէտք է վերածեն իսկական եւ ամբողջական անկախութեան», ըսաւ ան: Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ երբ Լիբանանին կ՛արգիլուի իր բնական հարստութիւններէն...

Միքաթի. «Կառավարութեան Կազմի Փոփոխութեան,  Յատկապէս` Արդարութեան Նախարարի  Փոփոխութեան Վերաբերող Լուրերը Անճիշդ Են»

Միքաթի. «Կառավարութեան Կազմի Փոփոխութեան, Յատկապէս` Արդարութեան Նախարարի Փոփոխութեան Վերաբերող Լուրերը Անճիշդ Են»

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ֆրանչիսկոս պապին հետ իր հանդիպումին արդիւնքէն գոհ է` աւելցնելով, որ ինք պապը հրաւիրած է մօտիկ ապագային այցելելու Լիբանան: Միքաթի նշեց, որ պապը ամէն ուղղութեամբ պիտի աշխատի` օժանդակելու Լիբանանի տագնապին լուծման: Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ կառավարութեան կազմի փոփոխութեան, յատկապէս` արդարութեան նախարար Հանրի Խուրիի փոփոխութեան վերաբերող լուրերը անճիշդ են:  

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1474 վարակուածներ եւ մահացած 8 ուրիշներ: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 25.700 լ. ոսկիի սահմանը` օրուան ընթացքին: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 1600 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 1800 լ. ոսկիով, մազութը` 13.300...

Վատիկանի Մէջ Ֆրանչիսկոս  Պապը Ընդունեց Միքաթին

Վատիկանի Մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը Ընդունեց Միքաթին

Պապ. «Կոչ Կ՛ուղղեմ Լիբանանցիներուն Իրարու Հետ Համագործակցելու` Փրկելու Համար Իրենց Երկիրը» Երէկ երեկոյեան լիբանանեան սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 25.000 լ. ոսկիի սահմանը: Այս իրողութեան զուգահեռ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարութիւնը մէկ կապ հացին սակը ճշդեց 10.000 լ. ոսկի, իսկ հանրախանութներուն մեծամասնութիւնը մէկ տոլարի դիմաց 25.000 լ. ոսկի սակի հիման վրայ ճշդեց իր վաճառած ապրանքատեսակներուն գիները: Աւելի ուշ կարգ...

Լիբանանի Անկախութեան 78-Ամեակին Առիթով.  «Ֆրանսայի Համար Լիբանանի  Կայունութիւնն Ու Անկախութիւնը  Պահպանելը Խիստ Կարեւոր Է»  Կ՛ըսէ Մաքրոն

Լիբանանի Անկախութեան 78-Ամեակին Առիթով. «Ֆրանսայի Համար Լիբանանի Կայունութիւնն Ու Անկախութիւնը Պահպանելը Խիստ Կարեւոր Է» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շնորհաւորական հեռագիր մը ստացաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնէն` Լիբանանի անկախութեան 78-ամեակին առիթով: Հեռագիրին մէջ Մաքրոն կը նշէ, թէ Ֆրանսա մնայուն նեցուկ է Լիբանանին` ընդգծելով, որ Ֆրանսայի համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը, անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը պահպանելը խիստ  կարեւոր է: Մաքրոն մտահոգութիւն կը յայտնէ այն տագնապէն, որուն մէջ ներկայիս Լիբանան կը խրի: Ան կը հաստատէ, որ նոր...

Պըրրի Պու Հապիպի Հետ Քննարկեց  Ռուսիա Այցելութեան Արդիւնքները

Պըրրի Պու Հապիպի Հետ Քննարկեց Ռուսիա Այցելութեան Արդիւնքները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պու Հապիպը, որուն հետ քննարկեց Ռուսիա կատարած անոր այցելութեան արդիւնքները: Հանդիպումէն ետք Պու Հապիպ յայտնեց, որ Պըրրիին ներկայացուցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ իր ունեցած երկարատեւ հանդիպումին մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ Մոսկուայի տրամադրած արբանեակային լուսանկարները, որոնք կը վերաբերէին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին: «Այդ լուսանկարները տակաւին փակ...

Վարչապետ Միքաթիի Հետ Հանդիպումէն Ետք.  Նախարար Պուչիքեան. «Իրաք Նախանձախնդիր Է  Զարկ Տալու Լիբանանեան Արտածումներու Քանակի Յաւելման»

Ճորճ Պուչիքեան Որոշեց Փակել Առանց Արտօնագիրի Գործող Սննդեղէն Արտադրող Գործարանները

Ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան երէկ հրապարակեց որոշում մը, որուն հիման վրայ որոշեց փակել առանց արտօնագիրի գործող սննդեղէն արտադրող գործարանները: Որոշումին մէջ նշուեցաւ, որ սննդեղէնի ճարտարարուեստի մարզին մէջ առանց արտօնագիրի գործող այս գործարանները չեն լրացներ առողջապահական չափանիշները եւ իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան առողջապահութեան վրայ: Պուչիքեանի որոշումին համաձայն, իւրաքանչիւր գործարանատէր, որ կը փափաքի եւ կամք ունի աշխատելու, ապա պէտք է նախարարութեան պահանջած բոլոր...

Նաւահանգիստի Պայթումի Զոհերուն  Ընտանիքները Կը Պահանջեն  Գործադրել Որոշումները

Նաւահանգիստի Պայթումի Զոհերուն Ընտանիքները Կը Պահանջեն Գործադրել Որոշումները

Պէյրութի Արդարութեան պալատին դիմաց երէկ նաւահանգիստի զոհերուն ընտանիքները կատարեցին նստացոյց մը, որուն ընթացքին զօրակցութիւն յայտնեցին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթարին: Ցուցարարները պահանջեցին անյապաղ գործադրել ցարդ տրուած բոլոր որոշումները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի բերման ենթարկելու հրամանագիրներուն: Զոհերուն ընտանեկան պարագաները հաստատեցին, որ արձանագրուած ուշացումը իրենց հարազատներուն թափած արեան շահագործում է եւ ամօթալի արարք մը: Անոնք կոչ ուղղեցին խնդրոյ առարկայ...

Պայրամ Ստորագրեց Սեփական Մարզի  Պաշտօնէութեան Փոխադրածախսը  65.000-ի Վերածելու Հրամանագիրի Նախագիծը

Պայրամ Ստորագրեց Սեփական Մարզի Պաշտօնէութեան Փոխադրածախսը 65.000-ի Վերածելու Հրամանագիրի Նախագիծը

Աշխատանքի նախարար Մուսթաֆա Պայրամ ստորագրեց սեփական մարզի պաշտօնէութեան փոխադրածախսը օրական դրութեամբ 65.000-ի վերածելու հրամանագիրի նախագիծը: Պայրամ ընդունեց Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Պասսամ Թլայսի: Քննարկուեցան այս մարզին վերաբերող հարցերը: Հանդիպումէն ետք Թլայս յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ յանգած էին այնպիսի որոշումի մը, որուն համաձայն, կառավարութիւնը նիւթական նպաստ պիտի տրամադրէր ցամաքային փոխադրութեան մարզին, սկսեալ` 1 դեկտեմբեր...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1510 վարակուածներ եւ մահացած 9 ուրիշներ: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 25.000 լ. ոսկիի սահմանը: ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր` ուրբաթ, 26 նոյեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը: ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Ապպաս Հաժ Հասան յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած...

Նախագահ Աուն Կը Պնդէ, Որ Կեդրոնական  Դրամատան Հաշիւներուն Իրաւական  Հաշուեքննութիւնը Սկսի

Նախագահ Աուն Կը Պնդէ, Որ Կեդրոնական Դրամատան Հաշիւներուն Իրաւական Հաշուեքննութիւնը Սկսի

Լիբանանեան սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշի յաւելեալ արժեզրկումին կողքին, երէկ նախագահական պալատին մէջ գումարուեցաւ ելեւմտական բնոյթի նիստ մը: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն նախագահեց նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլ, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ եւ նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ելեւմտական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ այն դժուարութիւնները, որոնք կը դիմագրաւուին իրաւական...

Միքաթի Պու Հապիպի Հետ Քննարկեց  Ռուսիա Այցելութեան Արդիւնքները

Միքաթի Պու Հապիպի Հետ Քննարկեց Ռուսիա Այցելութեան Արդիւնքները

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպը, որուն հետ քննարկեց Ռուսիա կատարած անոր պաշտօնական այցելութեան արդիւնքները: Միւս կողմէ, Պու Հապիպ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ կարեւորը կը մնայ այն, որ ամբողջ աշխարհը եւ մանաւանդ արաբական աշխարհը համոզուին, որ ասիկա Լիբանան է եւ կարելի չէ հոն գտնուող ազատութիւններէն զիջիլ: «Մենք...

Շիա Այցելեց Ռայի Պատրիարքին  Եւ Նախարար Սալամի

Շիա Այցելեց Ռայի Պատրիարքին Եւ Նախարար Սալամի

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա երէկ այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ ան հաստատեց, որ Ուաշինկթըն կը զօրակցի լիբանանցիներուն, յատկապէս տիրող ներկայ ահռելի պայմաններուն ընթացքին: Ռայի պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներուն, որոնք միշտ եւ բոլոր մարզերուն մէջ կը զօրակցին Լիբանանին: Ան բարձր...

Ամոս Հոքշթայն Մօտիկ  Ապագային Պիտի Այցելէ Լիբանան

Ամոս Հոքշթայն Մօտիկ Ապագային Պիտի Այցելէ Լիբանան

Հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի միջնորդ Ամոս Հոքշթայն մօտիկ ապագային պիտի այցելէ Լիբանան` փոխանցելու համար իսրայէլեան կեցուածք մը: Վստահելի աղբիւրներ կը հաղորդեն, թէ Հոքշթայն կրցած է իսրայէլեան կեցուածքին մէջ բեկում մը յառաջացնել: Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ Իսրայէլ ու Միացեալ Նահանգներ կ՛աճապարեն եւ կը փափաքին մարտ ամիսէն առաջ համաձայնութեան մը յանգիլ` նկատի ունենալով, որ մարտ...

Էլիաս Մըր. «Պատրաստ Եմ Լիբանանին Տրամադրելու  Ամէն Տեսակի Օժանդակութիւն` Մասնագէտներու  Կառավարութեան Կազմութենէն Անմիջապէս Ետք»

Ինթըրփոլի Ընդհանուր Ժողովին Ընթացքին. Մըր. «Պէտք Է Զօրակցիլ Լիբանանին Եւ Զայն Փրկել Քաոսէ Ու Ապակայունութենէ»

Ինթըրփոլի նախագահ Էլիաս Մըր կազմակերպութեան 89-րդ ընդհանուր ժողովին ընթացքին կոչ ուղղեց զօրակցելու Լիբանանին եւ զայն փրկելու քաոսէ ու ապակայունութենէ: Մըր հաստատեց, որ լիբանանեան բանակին, ապահովական կառոյցներուն եւ դատական իշխանութիւններուն դիմագրաւած այս աղէտալի պայմաններուն ընթացքին անոնց զօրակցիլը առաջնահերթութիւն է: «Անձամբ պիտի աշխատիմ այս իմաստով` առաւելագոյն չափով գործակցելով լիբանանեան իշխանութիւններուն հետ», ըսաւ ան:

«Լիբանանի Մէջ Տիրող Մարդասիրական  Արտակարգ Իրավիճակը Կրնայ Յանգիլ  Միջազգային Տագնապի»   Շեշտեց Իտալացի Երեսփոխանը

«Լիբանանի Մէջ Տիրող Մարդասիրական Արտակարգ Իրավիճակը Կրնայ Յանգիլ Միջազգային Տագնապի» Շեշտեց Իտալացի Երեսփոխանը

Իտալիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ Ալեքսանտրա Արմելլինի Լիբանանի Ազգային լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ ամիսներէ ի վեր Լիբանանի մէջ տիրող մարդասիրական արտակարգ իրավիճակը կրնայ յանգիլ միջազգային տագնապի: Արմելլինի անհրաժեշտ նկատեց, որ Իտալիա մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրէ Լիբանանին, որպէսզի ան կարենայ լուծել իր տագնապը եւ պաշտպանել իր ապահովական կայունութիւնը: «Լիբանանի մէջ տիրող վտանգաւոր իրավիճակը, որ իր կայունութեան...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1099 վարակուածներ եւ մահացած 10 ուրիշներ: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 24.500 լ. ոսկիի սահմանը: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի, ինչպէս նաեւ վարչական հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբերը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 1 դեկտեմբերին: ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան...

Page 376 of 988 1 … 375 376 377 … 988

Արխիւներ